Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձին առիթով նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիրներ պետական պարգեւներով պարգեւատրելու եւ պատուոյ կոչումներ շնորհելու մասին:
Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան եւ անձնական արիութեան համար «Մարտական խաչ» Բ. աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած է 2 հոգի՝ յետմահու: Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին ցուցաբերած անձնական արիութեան համար «Արիութեան համար» մետալով պարգեւատրուած է 4 հոգի: Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ ներդրած աւանդին, ծառայութեան ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան համար «Մարտական ծառայութիւն» մետալով պարգեւատրուած է 83 հոգի, 7-ն՝ յետմահու: