Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին  յայտնեց, որ գիւղին բնակիչները գիտեն, որ սահմանին մօտենալը վտանգաւոր է: «Ամբողջ ժողովուրդը իրազեկ է եւ կ՛աշխատի սահմանէն հեռու մնալ», ըսաւ ան‘ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ կանխարգելիչ աշխատանքներ կը կատարուին, որպէսզի յանկարծ մեր հայրենակիցները գերի չիյնան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոնք բաւարար չեն, ի՞նչ այլ ծրագիրներ անհրաժեշտ են, գիւղապետը ըսաւ. «Ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընել, մարդիկ գիտեն, համապատասխան նշանները կան, սահմանը կայ, փշաթելը քաշուած է, ալ ուրիշ ի՞նչ պէտք է ձեռնարկել»:
Տաւուշի մարզի Մովսէս գիւղապետ Արարատ Աւալեան նոյնպէս  վստահեցուց, որ որեւէ անձ գիտէ, որ սահմանը կարելի չէ հատել, եւ միշտ իրենք այդ մասին բնակիչներուն կը տեղեկացնեն:
Հարցումին, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս կոչ ուղղած է զգուշ ըլլալու, եւ այդ զգուշացումները արդեօք բաւարա՞ր են, ան պատասխանեց. «Եթէ մարդը ինքնակամ կը հատէ, ան պարզապէս ուղեղի հարց ունի, կ՛երթայ  թշնամիին բերանը: Ի՞նչ պէտք է ընէ երկրի կամ համայնքի ղեկավարը այդ պարագային»:
«Կարելի՞ է, որ մարդ պարզապէս մոլորի» հարցումին ան պատասխանեց. «Ատիկա կարելի է միայն ամպամած կամ մութ ժամանակ: Օր ցերեկով տարածքին ծանօթ մարդը գիտէ, որ սահմանը ուրկէ՛ կը սկսի եւ ո՛ւր կը վերջանայ, ան չի կրնար ատիկա մոռնալ: Կա՛մ տեղեկութիւն հաղորդողը պէտք է երթայ գիշերը, որպէսզի տեղեկութիւն տայ անոնց, կա՛մ մառախուղի ժամանակ անասնապահը կրնայ մոլորիլ: Մովսէս գիւղին մէջ այդ բոլորը լուծուած են. դիրքապահները իրենց տեղերն են եւ թոյլ չեն տար, որ անցնին», ըսաւ ան եւ նշեց, որ թէեւ փշաթելեր չկան, սակայն սահմանին վրայ նշաններ կան, որոնք կը զգուշացնեն, որ այդ տարածքները հատել կարելի չէ, որովհետեւ կա՛մ ականապատուած են, կա՛մ վտանգաւոր գօտի են:

Անցեալ օրուան ընթացքին հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 150 կրակոց

Պաշտպանութեան Բանակի տուեալներու համաձայն, Օգոստոս 27-ին ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին հակառակորդը հրադադարը խախտած է շուրջ 35 անգամ՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 150 կրակոց:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: