Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Սեպտեմբեր 1-ն ու Մեր Պահանջները

Հայաստանի մէջ դպրոցականներու աշխոյժութիւնը՝ նոր գրենական եւ նոր զգեստ գնելու իմաստով՝ կþաւետէ Սեպտեմբեր 1-ի մօտ ըլլալը, երբ Հանրապետութեան բոլոր դպրոցներն ու կրթօճախները իրենց դռները կը բանան՝ նոր ուժերով սկսելու կրթական նոր

տարեշրջանը…
Դպրոցականներուն աշխոյժութիւնը ուրախութեամբ կը լեցնէ մեր հոգին, եւ մտովի կը շնորհաւորենք բոլոր աշակերտներն ու ուսանողները՝ մաղթելով իրենց դիւրին եւ յաջող տարի…
Որքան պիտի ուզէինք, սակայն, որ Հայաստանի մեր դպրոցներուն մէջ, իրենց բոլոր գիտելիքներու կողքին, փոքրիկները սորվէին ՄԱՔՈՒՐ ՀԱՅԵՐԷՆ՝ ազատելով սովետական ժամանակներէն մնացած ռուսական բառերու ճնշիչ ազդեցութենէն, որպէսզի հայկական լոլիկը «պոմիտոր»-էն անջատուելով աւելի քաղցրանար,  իսկ ելակը «գլուպնիք»-ի տակ չկորսնցնէր իր համն ու բոյրը…
Որքան պիտի ուզէինք, որ աշակերները իրենց ուսուցներուն «օրիորդով»-ով կամ «տիկին»-ով դիմէին, այլ ո՛չ թէ «ընկեր»-ով, որ նոյնպէս սովետական ժամանակներէն մնացած տարբերակ է… Ա՛յո, շատ լաւ պիտի ըլլար, որ ուսուցիչները ընկերոջ նման մօտ ըլլային աշակերտներուն հետ, բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ ուսուցիչը ուսուցիչ է, իսկ ընկերը ընկեր…
Որքան պիտի ուզէինք, որ դպրոցներու աշնանային, ձմեռնային եւ գարնանային արձակուրդները համընկնէին տօնական օրերուն հետ, եւ, օրինակ, Սուրբ Զատիկէն ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ արձակուրդի գացած աշակերտները արձակուրդի մէջ ըլլային Զատկուան շաբաթը եւ տարբեր ձեւով զգային այդ սուրբ շաբթուան խորհուրդը…
Որքան պիտի ուզէինք, որ դպրոցականները ունենային իրենց համազգեստը ու զատորոշուէին ուրիշներէ…
Կրթական տարուան սեմին հաւանաբար մենք շատ բան կը պահանջենք մեր աշակերտներէն եւ ընդհանրապէս Հայաստանի կրթական համակարգէն, բայց ամենաշատը պիտի ուզէինք, որ մեր աշակերտները հայ մեծնան ու հպարտ ըլլան իրենց հայ ըլլալով… հայերէն  խօսին, մաքուր խօ¬ սին եւ միշտ հպարտ ըլլան մեր գեղեցիկ մայրենիով։

«Եռագոյն»