Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայ գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի ծննդավայր Կողբ գիւղին մէջ բացումը կատարուեցաւ անոր անունը կրող պուրակին եւ յուշարձան-աղբիւրին: Ներկայ էին Անանեանի գրչակից ընկերները, անուանի մտաւորականներ, գրողի արուեստի երկըրպագուներ եւ անոր բազում հայրենակիցներ: