Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Եզիտիներուն օգնելու նպատակով Հայաստանի մէջ հանգանակուած գումարը Իրաքի եզիտիներուն փոխանցելու համար, խումբ մը եզիտիներ այսօր կը մեկնին Իրաքի թրքական սահմանի եզիտիական գիւղեր:

«Այս պահու դրութեամբ Իրաքի մուտքի այցեգիրներ չունինք, փաստաթուղթերու խնդիր կայ: Բայց ամէն պարագայի, Չորեքշաբթի գիշեր դուրս պիտի գանք: Եթէ նոյնիսկ չյաջողինք Իրաք երթալ, Իրաքի թրքական սահմանի եզիտիական գիւղեր պիտի հասնինք, հոն հազարաւոր գաղթականներ կան: Մնացեալ հարցերը տեղւոյն վրայ կը կազմակերպենք», հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ եզիտիներու «Սինճար» ազգային միութիւն հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Պորիս Մուրազի:
Ան տեղեկացուց, որ շաբաթ մը տեւած դրամահաւաքին շնորհիւ հանգանակուած է մօտաւորապէս 10 հազար տոլար, որով իրենք տեղւոյն վրայ սնունդ եւ հագուստ կը գնեն գաղթական եզիտիներուն համար:
«Հանգանակուած գումարը անձամբ մենք կը տանինք, որպէսզի մարդոց հաշուետու ըլլանք, թէ ի՛նչ բանի համար ծախսուած է այդ գումարը: Տեղւոյն վրայ գնումները պիտի ընենք, իրենց անհրաժեշտ պարագաներ պիտի տրամադրենք: Թուրքիոյ մէջ ունինք ընկերներ, որոնք մեզ պիտի դիմաւորեն, ճամբաներու հարցին մէջ պիտի օգնեն», ըսաւ Պորիս Մուրազի: