Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Անցնող շաբաթավերջին Երեւանի մէջ, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նստավայրին առջեւ ցոյց մը կատարեցին բանակին մէջ ծառայելու ժամանակ սպաննուած զինուորներու մայրերը:

Նախագահի նստավայրի առջեւ շարք կազմած էին 19-20 տարեկան որդիները բանակին մէջ ծառայած պահուն  կոր- սընցուցած մայրերը, հարազատները, նաեւ՝ քաղաքացիական ակտիվիստներ, որոնք  պարզած էին մի քանի տասնեակ մահացած զինծառայողներու  լուսանկարները: Հակառակ  մեծաթիւ ոստիկաններու ներկայութեան, որդեկորոյս  մայրերը յաջողեցան հատել Բաղրամեան պողոտան եւ մօտենալ նախագահի նստավայրի ճաղավանդակներուն առջեւ: Անոնք հոն կանգ առին եւ սկսան  կանչել երկրի նախագահը, որպէսզի դուրս գայ  եւ պատասխան տայ իրենց, թէ ինչո՞ւ չեն պատժուիր  իրենց որդիներու սպանութեան մեղաւորները:
Զոհուած զինուորներու մայրերը պնդեցին, որ բանակէն ներս  իրենց որդիները սպաննուեցան, մինչդեռ քննչական մարմինը անձնասպանութեան որպէս դէպքեր նկատած է մահերը:
Իւրաքանչիւր ծնող պատմեց իր որդիի սպանութեան դէպքի պատմութիւնը: Անոնք  իրենց հետ բերած էին նաեւ որդիներու  դիակներու  լուսանկարները՝  բռնութեան յայտնի  հետքերով:

Կը Բացայայտենք Ու Կը Պատժենք» Կ'ըսէ Փոխ նախարարը

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, Վլատիմիր Գասպարեան ՊՆ ռազմական ոստիկանութեան եւ քննչական ծառայութեան ամբողջ ղեկավար կազմի հետ ընդունած է բանակի մէջ զոհուած զինծառայողներու հարազատները:
ՊՆ քննչական ծառայութեան քննիչները եւ ռազմական ոստիկանութեան աշխատակիցները զոհուած զինծառայողներու հարազատներուն պարզաբանումներ տուած են եւ ներկայացուցած անոնց որդիներու մահուան առնչութեամբ յարուցուած քրէական գործերու ընթացքը, պատասխանած անոնց յուզող հարցերուն:
«Զինուժ» հեռուստածրագրին տուած հարցազրոյցին պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Վլատիմիր Գասպարեան խօսած է բանակի մէջ տեղի ունեցող արտակարգ պատահարներու առնչութեամբ հասարակութեան յուզող հարցերու մասին:
Խօսելով վերջին շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած մահուան ելքով միջադէպերու մասին՝ պաշտպանութեան փոխ նախարարը նշած է, որ պարզուած են այդ արտակարգ պատահարներու հանգամանքները, այժմ հարցը կը քննուի: Վլատիմիր Գասպարեան նշած է, որ թէեւ որոշ դժուարութիւններ կան մօտ տաս տարուան վաղեմութիւն ունեցող մի քանի քրէական գործերու հարցով, սակայն այդ եւ միւս բոլոր յանցագործութիւնները պիտի բացայայտուին, իսկ մեղաւորները պիտի պատժուին օրէնքի ողջ խստութեամբ: Պաշտպանութեան փոխնախարարը մասնաւորապէս ըսած է. «ոչ միայն ի զօրու ենք, այլեւ կը բացայայտենք ու կը պատժենք: Պիտի հասնինք անոր, որ բանակի մէջ արտակարգ պատահարները կ’ըլլան տրամաբանական նուազագոյն աստիճանի»:
Անդրադառնալով մերթընդմերթ հնչող մեղադրանքներուն, թէ ինչու մահուան ելքով պատահարէն անմիջապէս ետք յաճախ քրէական գործ կը յարուցուի ինքնասպանութեան հասցնելու յատկանիշներով‘ Վլատիմիր Գասպարեան ըսած է. «քրէական գործ կը յարուցուի այն յատկանիշներու հիման վրայ, որ կ’երեւի դէպքէն անմիջապէս ետք : Եթէ քրէական գործ յարուցէին սպանութիւն յօդուածով, յետոյ պարզուէր անձասպանութիւն է, նոյն մեղադրանքները պիտի հնչէին, որ տեսէք-տեսէք սպանութիւնը վերածեցին, դարձուցին անձքնասպանութիւն: Անձնասպանութիւնը նախաքննութեան ընթացքին կրնայ փոխուիլ սպանութեան: Հաւատացէք հարցադրումները շատ աւելի խիստ կ’ըլլային եւ ցուցարարաներու թուաքանակը շատ աւելի շատ կ’ըլլար, եթէ սպանութիւն յատկանիշով յարուցուէր քրէական գործ եւ յետոյ վերաորակուէր անձնասպանութիւն»:
Անդրադառնալով բանակի մէջ տեղի ունեցող արտակարգ պատահարները քաղաքականացնելու եւ շահարկելու փորձ կատարող որոշ խումբերու գործունէութեան, որոնք բանակի նկատմամբ տեղի-անտեղի քննադատութիւնը դարձուցած են առօրեայ զբաղում՝ Վլատիմիր Գասպարեան մասնաւորապէս ըսած է. «ինչպէս կարելի է մարդու սիրտը ցաւի երկրի մը բանակի համար, երբ կը ֆինանսաւորուի ու աշխատավարձ կը ստանայ ուրիշ երկրներէ: Ինչպէս կրնայ մարդու սիրտը ցաւիլ, երբ ան կը մտածէ՝ ինչքան աղմկայարոյց, ինչքան վատ դէպք պատահի, այնքան լաւ է, որովհետեւ անոր համար աւելի շատ կրնայ շահիլ: Այդ մարդիկ, որոնք այդ գործով կը զբաղին անհայրենիք, անշնորհք, սեփական արժանապատւութիւնը չունեցող երեւոյթներ են: Անոնց մէջ մարդիկ կան, որոնք բանակի կողքէն անգամ չեն անցած: Քաւ լիցի, մենք մեր ըրածի համար ձգէք պատասխան տանք, ձեր չարածները, ձեր քաղաքական երազանքները բանակի հետ մի կապէք, բանակը երբեք չէ եղած քաղաքականութեան մէջ, բանակը քաղաքականութենէն դուրս է եւ թոյլ չի տար, որ նման չարախօսութիւններով զինք ներքաշեն քաղաքականութեան մէջ: Ու հաստատ իմացէք, վաղը, եթէ յանկարծ ինչ-որ բան ըլլայ, ոչ միայն խոր թիկունքին զիրենք չենք գտներ, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքի մէջ այդ երեւոյթները չենք կրնար գտնել: Մի քանի օր առաջ այդ խումբերէն մէկուն յայտարարութիւնը կարդացի թերթերու մէջ, ուր կը պահանջեն այս, այս, այս տեղեկութիւնները‘ առնչուած հազարաւոր զինծառայողներու հետ: Սիրելիներս, իսկ ձեր պատուիրատուներն ալ ինչ յանձնարարութիւն տուած են ձեզի‘ իմանալու մեր բանակէն, միգուցէ ամբողջ ցանկը հրապարակէք եւ յետոյ ամենախայտաբղէտ արտասահմանեան հիմնադրամներու մօտ երթանք կարգ սպասենք:

Անձնասպանութիւն Գործած Զինուորի Գործով
Ձերբակալուած է Ժամկետային Զինծառայող

2011ի Հոկտեմբեր 12ին ԼՂՀ զօրամասի ժամկետային զինծառայող, Եուրիկ Գէորգի Ներսիսեանի մահուան փաստի առթիւ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս Հոկտեմբեր 14ին ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 359 յօդուածի առաջին մասի համաձայն՝ կասկածանքով ձերբակալուել է ժամկետային զինծառայող մը: Այս մասին յայտնէ ՀՀ ՊՆ քննչական ծառայութիւնը: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Tert.am-ի աղբիւրներով՝  զինծառայողը միզած է խրամատի մէջ, զայն տեսնելով՝ ծառայակիցները սկսած են հայհոյել ու ստորացնել զինք:  Զինծառայողը վիրաւորանքներուն չէ արձագանգած, սակայն կէս ժամ անց, չդիմանալով նուաստացումներուն, դիմած է անձնասպանութեան: