Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Վրաստանի արտակարգ իրավիճակներու բաժանմունքը հաղորդած է, որ Թարեալի կիրճին մէջ Ստեփանծմինտա-Լարս ճամբու հատուածին մէջ սահանք պատահած է:

Ճամբան փակուած է ու կազատարը վնասուած է: Կէս գիշերին մօտ ընդհատուած է Հայաստանի կազի մատակարարումը: Այս դէպքը պատահած է նոյն օրը, որ Հայաստան կը գտնուէր Վրաստանի վարչապետը, պաշտօնական այցելութեամբ:

Սահանքին պատճառով երկու մարդ անհետացած է, անոնք այդ պահուն գետնուղիին մէջ մաքրութեան աշխատանք կը կատարէին:
Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի հրապարակած է յատուկ յայտարարութիւն մը: Ան ցաւ յայտնած է, որ չի կրնար այցելել աղէտի վայր, որովհետեւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր, սակայն նշած է, որ մնայուն կապի մէջ կ՛ըլլայ արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան ղեկավարութեան հետ:
Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլի մեկնած է աղէտի վայր՝ ծանօթանալու իրավիճակին եւ տարուող աշխատանքներուն:
Շրջանային զարգացման եւ ենթակառոյցներու նախարարութիւնը հաղորդած է, որ սահանքը յառաջացած է առատ անձրեւներու պատճառով:
«Կազփրոմ-Արմենի» ընկերութիւնը տեղեկացուցած է, որ պահեստի կազով առանց սահմանափակումներու կը շարունակէ կազի մատակարարումը Հայաստանի սպառողներուն:
«Հիւսիս-Հարաւ» հիմնական կազատարը, որուն միջոցով Հայաստան Ռուսիայէն կազ կը ստանայ, կառուցուած է 1970-ական թուականներուն: Հայաստան առաքուող կազին 10 առ հարիւրը Վրաստան կը ստանայ իբրեւ տարանցիկ երկիր: