Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 25 Օգոստոսին գլխաւորած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը, որուն օրակարգին վրայ էին սոյն թուականի Յուլիս-Օգոստոսին Շահումեանի շրջանին մէջ եւ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակի բարելաւման ուղղութեամբ ձեռնարկուած միջոցներուն,

իրականացուած աշխատանքներուն, անոնց արդիւնքներուն եւ հետագայի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 23րդ տարեդարձի տօնակատարութեան նախապատրաստման ընթացքին վերաբերող հարցեր:

Նիստին ընթացքին զեկոյցներ ներկայացուցին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարը, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան ղեկավարները:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանին վրայ վերջերս տեղի ունեցած դէպքերուն՝ ան ընդգծած է, որ համակարգուած աշխատանքի, Արցախի պաշտպանութեան բանակի եւ համապատասխան կառոյցներու համատեղ գործողութիւններուն շնորհիւ հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած բոլոր ոտնձգութիւնները արդիւնաւէտօրէն կասեցուած են՝ անոր պատճառելով մեծ կորուստներ: «Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւնները մէկ անգամ եւս ցոյց տուեցին Արցախի զինուած ուժերի մարտունակութեան բարձր մակարդակը, զինուորների անսասան ոգին եւ հայրենասիրութիւնը, հասարակութեան համախմբուածութիւնն արտաքին վտանգի դէմ եւ նրանց պատրաստակամութիւնը պաշտպանելու մեր երկրի անկախութիւնը, անվտանգութիւնն ու արժանապատուութիւնը», հաստատած է նախագահը:
Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան եւ ողջ անձնակազմին, Արցախի ազատամարտիկներուն, համապատասխան կառոյցներու ստորաբաժանումներու ծառայողներուն, ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն՝ «ցանկացած ոտնձգութիւն համախմբուած եւ արդիւնաւէտօրեն կասեցնելու ունակութիւնների ու կարողութիւնների համար», այս մէկը նկատելով արհեստավարժութեան եւ հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորում:
«Մենք ի վիճակի ենք տեսնել նաեւ թերութիւններն ու թոյլ կողմերը եւ անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել դրանց շտկման ուղղութեամբ», ըսած է նախագահը՝ համոզմունք յայտնելով, որ ե՛ւ զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը, ե՛ւ համապատասխան ուժային կառոյցներու ղեկավարները մասնագիտական կերպով պիտի ուսումնասիրեն եւ քննարկեն այս հարցերը:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 23րդ տարեդարձի տօնակատարութեան կազմակերպման՝ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է նախատեսուած բոլոր ձեռնարկներուն լաւապէս կազմակերպուած եւ բարձր մակարդակով կայացումը: