Իբրեւ Գլխաւոր համաժողովի ու Անվտանգութեան խորհուրդի պաշտօնական գրութիւն, անցնող շաբաթավերջին ՄԱԿի մէջ տարածուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) յայտարարութիւնը՝ ԼՂի Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
Յայտարարութիւնը տարածելու խնդրանքով կազմակերպութեան գըլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունին նախապէս գրաւոր ձեւով դիմած էր ՄԱԿի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ-դեսպան Կարէն Նազարեան, նշելով, որ ինքնակառավարման մարմիններուն գոյութիւնը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է որեւէ հասարակութեան, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար: Ան ընդգծած է, որ արդէն 5-րդ անգամ իրականացած ընտրութիւնները Ղարաբաղի մէջ վերած-ւած են ժողովրդավարական գործընթացի, որ, ցաւօք, տակաւին անընդունելի է Ատրպէյճանի համար, քանի որ այդ երկիրին մէջ, ի տարբերութիւն Լեռնային Ղարաբաղի, ՏԻՄ ղեկավարները կը նշանակուին, այլ ոչ թէ կ՛ընտրուին ժողովուրդի ազատ կամարտայայտման միջոցով: