Յառաջիկային Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն համար պիտի կազմակերպուին պաշտպանութեան յատուկ դասընթացքներ, որոնց ընթացքին գիւղացիներուն պիտի սորվեցնեն, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, օրինակ, կրակոցներու ժամանակ: Նախաձեռնութիւնը արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեանն է:
Նախարար Արմէն Երիցեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ սահմանային վերջին միջադէպերէն ետք, նման դասընթացքներ կազմակերպելու առաջարկ ներկայացուցած է պաշտպանութեան նախարարին, եւ այժմ երկու նախարարութիւնները այս ուղղութեամբ պիտի համագործակցին:
«Հիմա նկուղները պէտք է երթանք, նայինք, այսինքն՝ այդ կրակոցներուն ընթացքին իրենք ի՛նչ պէտք է ընեն: Շատերը երկար ժամանակ կրակոցներու տակ են, բայց հոն կան մասնագէտներ, մասնագէտները կ՛երթան հոն, ցոյց կու տան, մենք ալ կ՛երթանք: Պէտք է երթանք մարդոց օգնենք», ըսաւ Երիցեան:
Ան նաեւ նշեց, որ այս աշխատանքին պիտի մասնակցի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան 4 հազար աշխատակից: Ըստ անոր, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան արդէն յանձնարարականներ տուած է:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարը ընդգծեց, որ ուշադրութիւն պիտի դարձնեն նաեւ քաղաքացիական բնակչութեան կողմէ անզգուշութեան, ան-տեղեակութեան պատճառով սահմանը խախտելու դէպքերուն, պիտի քարտէսագրեն սահմանային տարածքները եւ գիւղացիներուն պիտի բացատրեն, թէ ո՛ր շրջաններէն կարելի չէ երթալ:
«Մենք պէտք է իրենց բացատրենք, դասընթացքներ կազմակերպենք, որ այս տեղերը կարելի է երթալ, այս տեղերը‘ ոչ: Քարտէսները կ՛ունենանք, իրենց ցոյց կու տանք», ըսաւ Երիցեան եւ աւելցուց. «Հակառակ անոր որ խնդիրը բանակի իրաւասութեան մէջն է, բայց այս ձեւով մենք պիտի փորձենք օգնել պաշտպանութեան նախարարութեան»:
Նախանցեալ օր համագործակցութեան համաձայնութիւն գոյացուցին նաեւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնն ու Երկրապահ կամաւորականներու միութիւնը: Յառաջիկային երկրապահները նախարարութեան աշխատակիցներուն համար դասընթացքներ պիտի կազմակերպեն: