
Հայաստան ՄԱԿ-ի Մէջ Արծարծեց Եզիտիներու Հարցը Եւ Ատրպէյճանական Յարձակումը
Հայաստանի մէջ կ'ապրի 50.000 մարդ հաշուող եզիտիներու համայնք
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ 21 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ «տագնապներու կանխարգիլում. միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանում» նիւթով բաց քննարկում, որուն մասնակցեցան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատար Նաւի Փիլայ, ինչպէս նաեւ շուրջ վեց տասնեակ անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, նիստին խօսք առած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, որ գոհունակութիւն յայտնած է բաց քննարկման նախաձեռնութեան համար՝ կարեւոր նկատելով տագնապներու կանխարգիլման հարցին մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատարին դերակատարութիւնը:
Հայաստանի դեսպանը ընդգծած է, որ Հայաստան յատուկ կերպով կարեւոր կը նկատէ քաղաքացիական հասարակութեան, մասնաւորապէս հասարակական կազմակերպութիւններու դերակատարութիւնը վէճերու կանխարգիլման հոլովոյթին մէջ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման համար: Սակայն, նշուած ջանքերը կրնան ապարդիւն ըլլալ այն պարագաներուն, երբ պետութեան ղեկավարութիւնը չի կրնար ապահովել երկրին մէջ մարդկային հիմնարար իրաւունքները եւ ազատութիւնները:
«Հայաստան խորապէս հետաքրքրուած է կանխարգիլման արդիւնաւէտ մեքանիզմի հաստատման խնդիրով՝ ըլլայ ատիկա միջազգային կամ շրջանային մակարդակներով: Կանխարգիլումը անհրաժեշտ է ոչ միայն հաւանական տագնապներու ծագման, այլեւ իրենց վերջնական լուծումը չստացած տագնապներու պարագաներուն: Խօսքը կը վերաբերի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, որուն բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման դէմ Ատրպէյճան սանձազերծեց լայնածիր պատերազմ, ոտնակոխելով ՄԱԿ-ի կանոնագրութիւնը:
Վերջին շաբաթներուն ընթացքին աշխարհը ականատես եղաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագիծին եւ հայաստանեան-ատրպէյճանական սահմանի ամբողջ երկայնքին զինադադարի բազմակի խախտումներու եւ ատրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ սադրիչ հետախուզական գործողութիւններու կտրուկ աճին, որ պատճառ դարձաւ մարդկային զոհերու, որոնց շարքին՝ խաղաղ բնակչութեան անդամներ», նշած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը:
Զոհրապ Մնացականեան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է վերջին շաբաթներուն ընթացքին Իրաքի հիւսիսը ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ Իրաքի փոքրամասնութիւններէն մէկուն՝ եզիտիներու զանգուածային սպանութիւններուն խնդիրին վրայ: Ան նշած է, որ հարիւր հազարաւոր մարդիկ, որոնց շարքին եզիտիներ, ասորիներ եւ հայեր ծայրայեղականներու գործողութիւններուն պատճառով ստիպուած եղած են լքել իրենց բնակավայրերը՝ տեղեկացնելով, որ Հայաստան որոշում տուած է ՄԱԿ-ի միջոցով օգնութիւն առաքելու եզիտի համայնքին:
«Մենք ականատես կ՛ըլլանք սոսկալի իրավիճակի մը, որ պէտք է լուծուի զանգուածային ոճրագործութիւններու կանխարգիլման ուղղուած միացեալ ջանքերով: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է գործէ անյապաղ, եւ ատիկա պէտք է իրականացուի ՄԱԿ-ի կառոյցներու անմիջական ներգրաւումով: Այս ծիրին մէջ ընդհանուր քարտուղարին ցեղասպանութեան հարցով յատուկ խորհրդականի դերը անգնահատելի է: Հայաստան կոչ կ՛ընէ Ապահովութեան խորհուրդին անյապաղ արձագանգելու եզիտի ազգաբնակչութեան ողբերգական իրավիճակին», եզրափակած է Հայաստանի դեսպանը:
Եզիտիները ի՞նչ կը սպասեն Հայաստանի կառավարութենէն
Հայաստանի կառավարութենէն միայն մէկ ակնկալիք ունին՝
թոյլ տալ Իրաքէն եկող իրենց ազգակիցներուն
առանց որեւէ արգելքի մուտք գործել Հայաստան
«Սինճար» եզիտիներու ազգային միութեան անդամները դեռ հրապարակային գնահատանք չեն տուած անցեալ Շաբաթ օր ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Էտուարտ Շարմազանովի հետ կայացած իրենց հանդիպման արդիւնքներու մասին, նշելով թէ կը սպասեն կառավարութեան յստակ գործողութիւններու։
Շարմազանովը կարեւոր նկատած է միջազգային կառույցներու մօտ եզիտիներու հարցի բարձրաձայնումը, նշելով, որ անոնք արդէն կը գտնուին Հայաստանի կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը եւ Հայաստան հնարաւորութիւններու պարագային պատրաստ է «աջակցել ու սատարել բարեկամ եզիտի ժողովըրդին»։
Կազմակերպութեան ղեկավար Պորիս Մուրազին «Ազատութեան» հետ խօսելով, դիտել տուած է որ կը սպասեն Հայաստանի կառավարութեան յստակ քայլերուն՝ ուղղուած Իրաքի մէջ թէժ մարտերու մէջ ապրող ազգակիցները Հայաստան բերելու խնդրի լուծման։
«Մենք առաջարկել ենք, որ մեր կազմակերպութիւնը ունի որոշակի գումար, նաեւ այդ մարդկանց տեղափոխման հետ կապուած խնդիրներ չեն լինի՝ մենք մարդկանց որոշակի քանակի հետ կապուած ֆինանսական ծախսերը վերցնում ենք մեզ վրայ: Բնակութիւնն էլ՝ կացարաններ կան եզիտիաբնակ գիւղերում: Խնդիրների մեծ մասը մեր համայնքի կողմից լուծելի են: Այսինքն մենք են լուծելու, ուղղակի միայն մնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկի՝ որպէսզի սահմանին որեւէ խնդիր չþառաջանայ», - կ'ըսէ Մուրազին:
Հայաստանի եզիտիներու համար ամենակարեւոր հարցը Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչին առջեւ եղած է Հայաստան մուտքի վիզայի տրամադրման դիւրացումը։ Մուրազին ասում է, որ վիզայի հետ կապուած հարցերը լուծելու համար իշխանութեան ներկայացուցիչները իրենց ժամկէտ տուած են։
«Այդ հարցին պատասխանեց, որ ինքը եւս մէկ անգամ կը կապուի ԱԳ նախարարութիւն եւ կը փորձի հասկանալ, թէ ինչն է պատճառը, որ չեն կարող փախստականներ ընդունել եւ Երկուշաբթի օր պատասխան կ'ունենանք», - ըսած է ան։
Նշենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը ըսած էր նախապէս, թէ Հայաստան գալ փորձող փախստականներու տարերային հոսք այս պահուն չկայ։ Հայաստանի սահմանին հասնելու պարագային՝ Իրաքի քաղաքացիները, անկախ ազգութենէ չեն կրնար առանց մուտքի արտօնագրի հատել սահմանը, քանի որ Հայաստան մուտք գործելու համար պարտադիր է մուտքի պաշտօնական արտօնագիր։
Հայաստան Իրաքի Եզիտիներուն Աջակցելու Համար
Կը Տրամադրէ 100 Հազար Տոլար
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով արտաքին գործոց նախարարութեան պիտի փոխանցուի 100 հազար ամերիկեան տոլարի համարժէք դրամ՝ Իրաքի մէջ ներքաղաքական բախումներու պատճառով տուժած եւ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած եզիտիներուն օգնութիւն տրամադրելու նպատակով: Այս մասին նախագիծ ներկայացուց արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան: Գումարը պիտի տրամադրուի ՀՀ 2014 թուականի պետական պիւտճէով նախատեսուած կառավարութեան պահեստի ֆոնտին հաշւոյն:
(Լուսանկարին մէջ եզիտիներ՝ բողոքի հաւաքի պահուն Երեւանի ՄԱԿի գրասենեակին առջեւ)