Print
Category: Հայաստան-Արցախ

10 օրեր Արագածի լանջերուն՝ Բիւրականի մէջ բանակելէ ետք, 9 Օգոստոսին Համա-ՀՄԸՄ-ական 10րդ բանակումը հասաւ իր աւարտին։ Աւելի քան 750 բանակողներ 10 անմոռանալի օրեր անցուցին հայրենիքի մէջ՝ հաղորդուելով հայրենի օդով եւ ջուրով ու իրենց կառչածութիւնն ու հարազատութիւնը ամրապնդելով հայրենիքին հանդէպ։

Բանակումի վերջին օրը ընթացք առաւ շրջաններու միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով։ Յետմիջօրէի ժամը 5։00-էն ետք, Երեւան գտնուող ծնողներ եւ բարեկամներ այցելեցին բանակավայր ու ներկայ գտնուեցան փակման պաշտօնական հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 6։30-ին։ Բանակումի մասնակիցները տողանցքով մուտք գործեցին նորակառոյց բանակավայր։ Փակման հանդիսութեան ներկայ էին Արագածոտնի փոխմարզպետ Մուշեղ Աբգարեանը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամները։
Առաջին հերթին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբ. Կարպիս Գապասագալեան արժեւորելէ ետք Արարատեան կարգի աշխատանքները, զանոնք հրաւիրեց ստանալու իրենց կարգերը՝ Կեդրոնական վարչութեան անդամներու ձեռամբ։
Ապա կատարուեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում՝ շրջաններու պատուիրակութիւնները գլխաւորողներուն եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ յուշանուէրներ յանձնուեցան բանակումի խմբապետական կազմի անդամներուն։
Եղբ Կարպիս Գապասագալեան յիշատակեց Կեդրոնական Վարչութեան վաստակաշատ եւ բազմամեայ անդամ եղբ Միհրան Շիմշիրեանի կորուստը ու իր անուան մրցանակը յանձնուեցաւ բանակումի քայլերգի հեղինակ քոյր Կարինէ Սիսեռեանին։
Խօսքեր փոխանցեցին Արագածոտնի մարզի փոխ մարզպետը, բանակումի Ընդհանուր խմբապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ եղբ. Օշին Փիրումեան եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան, որոնք շեշտեցին Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներուն միջոցով հայրենիքին եւ սփիւռքի տարբեր տարբեր շրջաններէ եկած երիտասարդներուն միջեւ կապուածութեան ամրապնդման իրողութիւնը։
Աւարտին, դրօշները վար առնուեցան՝ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ, չորս տարի ետք կրկին հանդիպելու խոստումով։
Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբ. Կարպիս Գապասագալեան բանակումի դրօշը փոխանցեց բանակումի Ընդհանուր խմբապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանին, որ պաշտօնապէս յայտարարեց բանակումի փակումը։

ՀամաՀ.Մ.Ը.Մ.ական 10րդ ընդհանուր բանակումին մասնակցող հարիւրաւոր սկաուտները սկաուտական աշխատանքներով բեղուն օր մը անցուցին Ուրբաթ, 8 Օգոստոս 2014-ին, Բիւրականի բանակավայրին մէջ՝ փակումէն մէկ օր առաջ։
Արդարեւ աւելի քան 700 սկաուտները բաժնուեցան երեք խումբերու։ Առաջին խումբը բանակավայրէն դուրս եկաւ առաւօտեան՝ մասնակցելու համար ռալի-արշաւի, շրջանի գիւղերուն մէջ։ Իւրաքանչիւր երկիր կը մասնակցէր մէկ կամ աւելի խմբակներով։ Անոնց ճամբան կ'անցնէր Ղազարաւան, Բազմաղբիւր եւ Փարպի գիւղերէն, ուր հաստատուած էին 12 կայաններ, որոնց իւրաքանչիւրին մէջ աշխատանք մը կը պահանջուէր մասնակցողներէն։ Արշաւողները առիթը ունեցան ծանօթանալու հայրենի գիւղերուն, անոնց պատմութեան եւ առօրեայ կենցաղին։
Յետ միջօրէին՝ թէեւ յոգնած, սակայն խանդավառ եւ ուրախ վերադարձան բանակավայր։
Երկրորդ խումբը մնաց բանակավայր եւ խմբակներու բաժնուելով մասնակցեցան workshopերու, ուր ստացան գիտելիքներ եւ կատարեցին ձեռային գեղեցիկ աշխատանքներ։
Երրորդ խումբը կէսօրէ առաջ մասնակցեցաւ լեռնագնացութեան օրէնքները եւ ձեւերը բացատրող փորձերու, իսկ յետմիջօրէին 80 սկաուտները բաժնուեցան խմբակներու՝ այս անգամ իրենց սորվածը գործնականի վերածելու եւ իրարու դէմ մրցելու։


Սերժ Սարգսեան Բացումը Կատարեց ՀՄԸՄի Բիւրականի Բանակավայրի Նոր Տարածքին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 Օգոստոսին այցելած է ՀՄԸՄի Բիւրականի բանակավայր, ուր 18 Օգոստոսէն կայացող ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի համահայաստանեան բանակումին կը մասնակցին 12-17 տարեկան աւելի քան 300 սկաուտներ, ինչպէս նաեւ արդէն երկրորդ տարին ըլլալով «Խաղաղութեան սուրհանդակներ» նախագիծին մէջ ներառուած Հայաստանի տարբեր մարզերու ընկերային խնամքի տակ եղող հաստատութիւններու երեխաներ:
Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ Սերժ Սարգսեան ողջունած է բանակումին մասնակցող սկաուտները, շրջագայած է բանակավայրին մէջ, ծանօթացած պայմաններուն եւ սկաուտներու առօրեային:
Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ «Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան 2011ին անհատոյց (մշտական) օգտագործման իրաւունքով տրամադրուած մէկ հեկտար հողատարածքին վրայ ստեղծուած բանակավայրին համար կատարուած նուիրատուութեան շնորհիւ, ըստ պատասխանատուներուն, կարելի եղաւ այս տարուան բանակումին աւելի մեծ թիւով սկաուտներ հիւրընկալել: Այս տարուան 29 Մարտին բանակավայրին մէջ Հայաստանի նախագահին հովանիին տակ եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին աջակցութեամբ մեկնարկած շինարարական աշխատանքները աւարտած են 29 Յուլիսին:
Այցելութեան ծիրին մէջ նախագահը բացումը կատարած է բանակավայրի նոր տարածքի գործունէութիւնը ազդարարող ցուցատախտակին: Կառուցապատուած տարածքը այժմ կրնայ ընդունիլ շուրջ 400 մասնակից:
Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութեան պատասխանատու անդամ Հրաչեայ Շմաւոնեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ 2011ին կառավարութեան որոշմամբ՝ Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութեան յատկացուած է մէկ հեկտար յաւելեալ տարածք, որ նախատեսուած էր բանակավայրի կառուցման համար: «Քանի որ իւրաքանչիւր 4 տարին մէկ անգամ տեղի են ունենում Համա-ՀՄԸՄական բանակումներ, այս տարի ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ աննախադէպ մեծ թիւով մասնակիցներով բանակում եղաւ, որին մասնակցում էր 800 սկաուտ աշխարհի 18 երկրից: Այս բանակավայրը կառուցելով՝ մենք կարողացանք այդ պայմանները ստեղծել: Այն կառուցուած է 400 հոգու համար, իսկ առաջին հատուածը նախատեսուած է մօտ 600 հոգու համար: Այսինքն, մենք այսուհետ կը կարողանանք ընդունել 1000 սկաուտի: Սա մեզ համար շատ ուրախալի փաստ է, որովհետեւ վերջապէս մենք կարողացանք մեր պայմանները բարելաւել», նշած է Շմաւոնեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ ծրագիրի հովանաւորներն են Հայաստանի նախագահը եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամը, որոնց յատկացումներուն շնորհիւ կարելի եղած է կառուցել բանակավայրը: «Պէտք է ասեմ, որ այս բանակավայրում առօրեայ կարիքների համար բոլոր յարմարութիւնները ստեղծուած են» ըսած է ան։