Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան անցնող շաբաթավերջին ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին:

Նախագահը ողջունեց վարչապետի կարգավիճակով Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի առաջին այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն, միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ կարեւոր նկատելով բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք, ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, լաւ կարելիութիւն են արագ արձագանգելու հայ-վրացական երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր խնդիրներուն: Հանրապետութեան նախագահը ցանկութիւն յայտնեց աւելի յաճախակի դարձնել այդպիսի այցելութիւնները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները կը գտնուին պատմականօրէն ամէնէն բարձր մակարդակին վրայ, եւ ատիկա կարելիութիւն կու տայ հանգիստ, անկաշկանդ քննարկելու որեւէ հարց, կապուած ոչ միայն երկկողմ յարաբերութիւններուն, այլեւ շրջանային խնդիրներուն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Վրաստանի վարչապետը նշեց, որ Հայաստան կը գտնուի անգամ մը եւս հաստատելու իր խոր յարգանքը Հայաստանի Հանրապետութեան, նախագահին եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ, աւելի ամրապնդելու եւ նոր որակ հաղորդելու հայ-վրացական յարաբերութիւններուն:
Իրաքլի Ղարիպաշվիլի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ համակարծիք գտնուեցաւ, որ երկկողմ յարաբերութիւնները ներկայիս շատ բարձր մակարդակի վրայ են, եւ նման հանդիպումները աւելի կը սերտացնեն երկու պետութիւններուն միջեւ կապերը: Վարչապետ Ղարիպաշվիլի ընդգծեց, որ միշտ ըսած է եւ հիմա ալ կը կրկնէ. Հայաստան ոչ միայն Վրաստանի դրացին է, այլեւ բարեկամ պետութիւն: Ըստ անոր, այդ բարեկամական յարաբերութիւններով երկու երկիրներու բարեկեցութեան համար պէտք է օգտակար եւ բարի շատ գործեր ընել: Վարչապետը գոհունակութեամբ խօսեցաւ պաշտօնական այցելութեան օրերուն Հայաստանի մէջ իր եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին մասին, որ, ըստ անոր, միայն բարեկամի կողմէ կրնայ դրսեւորուիլ:
Իրաքլի Ղարիպաշվիլի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուց այցելութեան ծիրին մէջ Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպումներուն, քննարկումներուն արդիւնքները, գոյացած համաձայնութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահին հետ Վրաստանի վարչապետը քննարկեց հայ-վրացական յարաբերութիւններուն առնչուող հրատապ հարցերը, նաեւ՝ շըրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները գոհունակութեամբ նշեցին 18 Յունիսին Հայաստանի նախագահին Վրաստան պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը՝ Բագրատաշէն-Սատախլու անցակէտին վրայ նոր կամուրջի շինարարութեան մասին, որ կողմերը անուանած են «Բարեկամութեան կամուրջ»: Երկուստեք վերահաստատուած է կամուրջի շինարարութիւնը արագացնելու յանձնառութիւնը:
Հանդիպումէն ետք, ի պատիւ Վրաստանի վարչապետին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան, Հայաստանի նախագահին նստավայրին մէջ սարքուեցաւ աշխատանքային ճաշ:
Պաշտօնական այցելութեան երկրորդ օրը Վրաստանի վարչապետը սկսաւ առաւօտեան՝ այցելելով Մատենադարան, ապա հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ:
Խորհրդարանի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ հանդիպման ընթացքին, կողմերը քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը խորացնելու հարցը: Ընդգծուեցաւ կարեւորութիւնը «Բարեկամութեան կամուրջ»-ին, որ պիտի կառուցուի Վրաստանի եւ Հայաստանի կառավարութիւններու աջակցութեամբ Սատախլուի մաքսատան մօտ:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է հանդիպիլ ձեզի: Մեր երկիրները շատ ընդհանրութիւններ ունին: Հայաստան եւ Վրաստան հարիւրամեակներու ընթացքին դժուար ճամբայ անցած են, եւ մենք ապացուցած ենք, որ ոչ միայն դրացիներ ենք, այլ նաեւ բարեկամներ: Իմ այցելութիւնս անոր վկայութիւնն է, ես պատրաստ եմ մեր յարաբերութիւնները խորացնելու», դիմելով Գալուստ Սահակեանին ըսաւ Վրաստանի վարչապետը՝ ընդգծելով, որ Հոկտեմբերին կը սպասեն պատասխան այցելութիւն:
Դատելով պաշտօնական հանդիպումներու մասին լուրերու հաղորդումներէն՝ հայ-վրացական բանակցութիւններու օրակարգէն դուրս մնացած են վրացահայութեան խնդիրներու քննարկումը, ինչպէս նաեւ Վրաստանի կողմէ 1 Սեպտեմբերին հաստատուող այցեգրի դրութիւնը։