Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր Այվազովսքիի Երեւանեան յուշարձանը կանգնած է առանց վրձինի: Այս հարցը պարբերաբար քննարկուած է զանազան անձերու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ: Նոյն նիւթով մտահոգ էր եւ լրջօրէն կը պայքարէր նաեւ լուսահոգի դերասան Ազատ Գասպարեան: Սակայն Այվազովսքի արձանը տակաւին անվրձին է...:
Վերջերս վերոյիշեալ հարցը դարձեալ քննարկումներու տեղի տուաւ: Պատճառը մեծ հաւանականութեամբ ռուսաստանաբընակ հայ նկարչուհի Նարի Եանի յայտարարութիւնն էր: Նարի Եան յայտարարած էր, որ կը պատրաստուի ցուցահանդէս-վաճառք մը կազմակերպել եւ գոյացած համեստ միջոցներով վերականգնել Այվազովքսիի գողցուած վըրձինը, նաեւ մօտակայքը տեսախըցիկ զետեղել, որպէսզի կարելի ըլլայ հսկողութիւն սահմանել արձանի վրայ:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան յայտնած է, որ քաղաքապետարանը սիրով պիտի ստանձնէր այս գործը, սակայն արձաններու վերահսկողութիւնը եւ նորոգման աշխատանքը կը գտնուի Մշակոյթի նախարարութեան յուշարձաններու պահ- պանութեան վարչութեան ներքեւ եւ իրենք որեւէ իրաւասութիւն չունին:
«Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութիւնը վերի լուրը հաղորդելէ ետք, կը գրէ որ նկատի ունենալով այն հետեւողականութիւնը, զոր կը դրսեւորեն բազմաթիւ քաղաքացիներ եւ կազմակերպութիւններ, վստահօրէն կարելի է ըսել, որ հարցը շուտով իր լուծումը պիտի գտնէ եւ Այվազովսքին պիտի «վերատիրանայ» իր վրձինին:
Վերջ ի վերջոյ, հռչակաւոր նկարիչի տաղանդն ու համբաւը ճիշդ այդ «վրձինով» է որ կերտուեցաւ, ուրեմն իր յիշատակին կանգնած արձանը երբեք լրիւ չի կրնար սեպուիլ, առանց կարեւոր այդ բաղադրիչին: