Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան աշխատանքային խորհրդակցութեան հրաւիրած է պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած են զեկուցումներ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանին վրայ վերջերս տեղի ունեցած միջադէպերուն, Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտումներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին հետախուզական խումբերու ներթափանցման փորձերուն առնչութեամբ: «Նախագահ Սահակեան բարձր կը գնահատէ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան եւ անձնակազմին գործունէութիւնը՝ ուղղուած հակառակորդին յառաջխաղացման փորձերը արդիւնաւէտօրէն կասեցնելուն որուն շնորհիւ վերջինս, կրելով մեծ կորուստներ, նահանջեց իր սկզբնական դիրքերը: Նախագահ Բակօ Սահակեանի գնահատումով՝ պաշտպանութեան բանակի գործողութիւնները անգամ մը եւս ցոյց տուին մեր զինուած ուժերուն մարտունակութեան բարձր մակարդակը, զինուորներուն անսասան ոգին եւ հայրենասիրութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Նախագահը նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է առաջին գիծ մեկնած արցախեան ազատամարտի վեթերան ազատամարտիկներուն՝ բարձր գնահատելով Արցախի ազատամարտիկներու միութեան կատարած աշխատանքը»:
Լսելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանին զեկուցումը իրականացուած գործողութիւններուն, ներկայիս տիրող իրավիճակին եւ հաւանական զարգացումներուն վերաբերեալ՝ նախագահ Բակօ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմին: Ան ըսած է, որ սահմանագիծին վրայ հակառակորդին կողմէ տեղի ունենալիք ապակայունացման որեւէ փորձ պէտք է կասեցուի՝ նշելով, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ տագնապի խաղաղ լուծման կողմնակից:


Օհանեան. «Լայնածաւալ Պատերազմի Հէնք
Այսօր Տակաւին Գոյութիւն Չունի»

Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներու հետ երէկ տեսակցելէ ետք, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, նշեց, որ Ազգային Ժողովին մէջ խորհրդարանականներուն ներկայացուց սահմանին վրայ տիրող իրավիճակը:
«Ես ներկայացուցի մեր զինուորներուն հմուտ գործողութիւններուն արդիւնքով պատասխանները Ատրպէյճանի այն սադրանքներուն, զորս կազմակերպած էր անոնց զինուորական, եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը: Անոնց խիղճին վրայ են բոլոր այն զոհերը, որոնք արձանագրուած են երկուստեք թէ՛ մեր կողմէ, թէ՛ Ատրպէյճանի կողմէ, եւ նաեւ այն, որ բազմաթիւ անգամներ, 8-10 անգամ աւելի զոհեր տալով, անոնք մարդկային ճակատագիրներու համար պատասխանատուութիւն չեն կրեր», ըսաւ Օհանեան՝ աւելցնելով, որ քննարկուած են նաեւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու, պատգամաւորներու բանակային միջոցառումներուն մասնակից ըլլալու հարցը, անձնակազմը, զինուորները, զաւակներ կորսնցուցած ծնողները ոգեւորելու եւ համախմբելու նպատակով:
Անդրադառնալով սահմանին վրայ տիրող իրադրութեան՝ նախարարը ըսաւ, որ առաջին գիծին վրայ վիճակը լարուած է, եւ թէ որեւէ ատեն «մեր դրացիները» կրնան կազմակերպել սադրանքներ, որոնք կրնան վերաճիլ պատերազմի:
«Բայց հանրապետութեան նախագահը եւ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի կացութիւնը հանդարտի, եւ այս օրերուն վերլուծումը ցոյց կու տայ, որ ընդհանուր առումով լայնածիր պատերազմի հէնք այսօր տակաւին գոյութիւն չունի», ընդգծեց նախարար Սէյրան Օհանեան:
Մեկնաբանելով վեթերան զինուորներու խումբի մը մարտական դիրքեր մեկնելու մասին տեղեկութիւնը, Օհանեան ըսաւ. «Կը խորհիմ, որ այսօրուան բանակի ոեւէ զինուոր ունի այն զինուորական վարպետութեան աստիճանը, գիտելիքները, հմտութիւններն ու ունակութիւնները, որոնք այնքան ալ քիչ չեն, քան մեր փորձառու զինուորներունը: Պարզապէս մարտական գործողութիւններու փորձառութիւնը կրնայ լրացնել, եւ փորձառու զինուորին հմտութիւնները, անցած ուղին եւ այսօր զինուորական ծառայութիւն կատարողին պատրաստութեան բարձր մակարդակը այն համաձուլումն է, որ կրնայ բերել միասնական յաջողութիւններու»:
«Անոնք գացած են ոգեւորելու մեր զինուորները: Այդ միջոցառումները անհրաժեշտութիւն են, բայց այսօր բանակը առայժմ այս իրավիճակին մէջ առանց համալրման, առանց լուրջ մարտական պատրաստականութեան բարձր աստիճանի բերման միջոցառումներու‘ առկայ ուժերով ի վիճակի է իր առջեւ դրուած խնդիրները լուծելու: Դուք տեսաք, որ մենք նախայարձակ ենք, եւ մեր կողմէ տրուած հարուածները այնքան հուժկու են, որ անոնք պէտք է խելքի գան: Բանակը այսօր իր առջեւ դրուած խնդիրները կ՛իրականացնէ լիարժէք», ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը:

Լաւրով. «Սոչիի Մէջ Նախատեսուած Են
Փութինի Առանձին Հանդիպումները
Սարգսեանի Եւ Ալիեւի Հետ»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը քիչ ջանքեր չի գործադրեր, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերը ընդունին լուծման քաղաքական սկզբունքներու շարադրումով փաստաթուղթ:
«Ի հարկէ, այն ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսպէս կոչուած շփման գիծին վրայ կը մտահոգէ: Կողմերը զիրար կը մեղադրեն սադրիչ գործողութիւններու համար: Այսպէս նախապէս ալ եղած է, եւ ցաւօք, արդէն երկար տարիներ մենք ականատես ենք նմանատիպ պարբերական պոռթկումներու, սակայն այս անգամ որոշ առանձնայատուկ սրութեամբ ասիկա կ՛ընկալուի եւ կը մատուցուի: Քիչ մարդիկ չեն զոհուած, եւ մենք միւս երկիրներուն հետ միասին, ներառեալ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահող երկիրներ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի, յամառօրէն կոչ ուղղած ենք կողմերուն առաւելագոյն զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ չարտօնելու որեւէ գործողութիւն, որ կրնայ յանգեցնել բռնութեան հերթական դրսեւորման:
«Այս շաբթուան վերջաւորութեան Սոչիի մէջ նախատեսուած են մեր նախագահի առանձին հանդիպումները Հայաստանի, ապա Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ, եւ երբ անոնք բոլորը միաժամանակ մէկ տեղ ըլլան, հաւանաբար առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասին խօսակցութեան չի կրնար ըլլալ: Ինչպէ՛ս ատիկա պիտի կազմակերպուի, կախեալ է նոյնինքն մեզմէ», ըսած է Լաւրով:
Ըստ անոր, նախ եւ առաջ պիտի արծարծուի այն հարցը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է աջակցիլ կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման եւ առճակատման վտանգներու նուազեցման:
Լաւրով նշած է, որ որոշ ժամանակ առաջ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ «փոխադարձ համաձայնութեամբ համաձայնեցուած է բաւական համեստ յայտարարութիւն մը, որ անհրաժեշտ է յառաջ տանիլ վստահութեան միջոցառումները»: «Եթէ տեղի կ՛ունենան որոշակի կրակոցներ, այդ պահուն պէտք էր փոխանակել մահացածներու դիակները, գերիները, եւ սկզբունքօրէն համաձայնեցնել լրացուցիչ քայլերը», ըսած է: