Երեւան կ'այցելէ Գերմանիոյ Պունտեսթակի (խորհրդարանի) անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը: Օգոստոս 3-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը ընդունեց պատուիրակութիւնը, որու կազմէն ներս ընդգրկուած էին Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն/Քրիստոնեայ-սոցիալական միութեան խմբակցութեան անդամներ Մանֆրետ Գրունդը եւ Ալբերտ Վայլերը։
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց հայ-գերմանական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը, ինչ որ կ'արտայայտուի աշխուժ եւ արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութեամբ, փոխադարձ այցելութիւններով, որոնց կարգին՝ միջ-խորհրդարանական հարթութեան վրայ նաեւ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային խորհրդարանական վեհաժողովներու մէջ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ պատգամաւորներու միջեւ փոխ գործակցութեան։
Երկուստեք նշուեցաւ տարբեր ուղղութիւններով երկկողմ համագործակցութեան ներուժը լիարժէք օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը։
Քննարկուեցան առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Կարեւոր նկատուեցաւ Ֆինանսական եւ տեխնիկական համագործակցութեան հայ-գերմանական միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութիւնը։
Նախարար Նալբանդեանը ներկայացուց ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած հայկական կողմի ջանքերը։ Նշեց, որ ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գծին վրայ հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուող սադրիչ գործողութիւնները, հրադադարի խախտումները նպատակ կը հետապնդեն խաթարել բանակցային գործընթացը: Ինչպէս նշած է նախարարը, Հայաստանը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի եռանախագահներուն հետ համատեղ, պիտի գործադրէ անհրաժեշտ քայլերը՝ սադրիչ գործողութիւններու կասեցման, իրավիճակի կայունացման, հակամարտութիւնը բացառապես խաղաղ միջոցներով կարգաւորելու նպատակով բանակցային գործընթացի շարունակման համար: