
31 Յուլիսին ընթացք առած համա-ՀՄԸՄական 10րդ բանակումը անցնող չորս օրերուն ունեցաւ սկաուտական, դաստիարակչական ճոխ յայտագիրներով յիշատակելի պահեր։
Բանակումին երկրորդ օրը, բանակումին մասնակից 18 երկիրներու պատուիրակուութիւնները պատրաստեցին եւ ներկայացուցին իրենց երկիրներու պատմութիւնը, մշակոյթն ու խոհանոցը ծանօթացնող տաղաւարներ։
Շաբաթ, 2 Օգոստոսի կէսօրէ առաջ, բանակողները ազատ ժամեր անցուցին Երեւանի մէջ։ Անոնք այցելեցին մայրաքաղաքի կարգ մը թանգարանները եւ ժողովրդային շուկան՝ «վերնիսաժ»ը։
Յետմիջօրէին, բանակողները այցելեցին Ս. Էջմիածին եւ ծանօթացան դարաւոր վանքի պատմական բաժիններուն։ Այս առթիւ, վանքի շրջափակին մէջ, բանակողները ընդունեց Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ Գէորգ Եպս Սարոյեան։ Տէրունական աղօթքէն ետք, Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց ՀՄԸՄի սկաուտներուն եւ անոնց փոխանցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ողջոյնները։ Բանակումին խմբապետական կազմը, իր կարգին, Գէորգ եպս. Սարոյեանին փոխանցեց յուշանուէր մը։
Ապա, բանակողները այցելեցին հայ ժողովուրդի վերապրումի խորհրդանիշ՝ Սարդարապատի յուշահամալիրը, ուր յարգանքի իրենց տուրքը ընծայեցին Մայիսեան հանրապետութեան կերտիչներուն։ Սարդարապատի գեղակերտ զանգակատան առջեւ 720 սկաուտներ հնչեցուցին «Սարդարապատ»ն ու «Յառաջ նահատակ»ը եւ ազգային բարծր տրամադրութիւններով վերադարծան բանակավայր, ուր ընդունեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը, որ գօտեպնդիչ իր խօսքը ուղղեց տղոց։