Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Համազգայինի 20-րդ ուսանողական հաւաքի մասնակիցներուն վերջին չորս օրերը յատկացուած էր Արցախ այցելութեան։ 
Հինգշաբթի առաւօտեան դէպի Արցախ ճամբուն վրայ անոնք այցելեցին Խոր Վիրապ, Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարան եւ Նորավանք:

Արցախի Ազգային Ժողովէն ներս

Երեկոյեան խումբը հասաւ Արցախ եւ ընթրիքէն ետք, բոլորը միասին շրջեցան Ստեփանակերտի մէջ:
Ուրբաթ 1 Օգոստոսի առաւօտեան, հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Արցախեան ազատապայքարի զոհուած ազատամարտիկներու եւ անյայտ կորածներու զոյգ թանգարանները, ապա մեկնեցան դէպի Արցախի Ազգային ժողովի շէնք, ուր հանդիպեցան Ազգային ժողովէն պատուիրակութեան մը հետ:
Ապա, ֆորումականները այցելեցին զօրանոց, ուր ծանօթացան բանակի առօրեային եւ աշխատանքներուն:
Ճաշի դադարէն ետք, խումբը մեկնեցաւ դէպի Գանձասարի եկեղեցին եւ ճամբուն վրայ կանգ առին Վագրի Լերան առջեւ: Երեկոյեան,Ֆորումականները այցելեցին Նիկոլ Թումանի տուն-թանգարան, ուր ընթրեցին եւ ազգային երգեր երգեցին:
Շաբաթ օր, ֆորումականները այցելեցին Շուշիի Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցին եւ Ջդրդուզ: Անոնք նաեւ հանդիպեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի պատանեկան ճամբարի կազմակերպիչներուն հետ եւ շրջագայեցան դպրոցին մէջ։
Կէսօրէ ետք, ուսանողները այցելեցին Ասկերանի բերդ, որմէ ետք մեկնեցան դէպի Ասկերանի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցան քաղաքապետին հետ:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք պանդոկին մէջ:
Կիրակի 3 Օգոստոս 2014ը ֆորումի վերջին օրն էր: Ֆորումականները վերադարձան Արցախէն եւ ճամբուն վրայ հանդիպեցան Արենիի գործարան:
Երեւան վերադարձին, ֆորումականները ընթրեցին ապա մինչեւ ուշ գիշեր խանդավառ մթնոլորտի մէջ միասնաբար հաճելի ժամեր ապրեցան: