ՀՀ Զինուած Ուժերու եւ ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի հաղորդումներուն համաձայն, ղարաբաղա-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծը եւ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակը՝ կը շարունակեն լարուած մնալ:
Ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներթափանցման փորձը ձախողութեան մատնուեցաւ սահմանին վրայ աչալուրջ հսկող հայ զինւորներուն կողմէ: ՀՀ Զինուած Ուժերու եւ ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները վստահօրէն կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակը, շփման գիծի ամբողջ երկայնքով:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը անգամ մը եւս յայտարարեց թէ ստեղծուած իրավիճակը Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան արկածախնդիր, ռազմական տեսանկիւնէ չհիմնաւորուած եւ վրէժխնդրութեամբ տրամաբանուած քաղաքականութեան արդիւնք է, որ կը յանգեցնէ իրենց իսկ ուժերէն ներս մարդկային զգալի կորուստներու:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ափսոսանք կը յայտնէ երկուստեք կորուստներու համար, որու ողջ պատասխանատուութիւնը կը մնայ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան խղճին վրայ: Ինչպէս միշտ, ատրպէյճանական ղեկավարութեան համար սեփական զինուորներու կեանքը ոչինչ կ'արժէ:
Հայաստանի Օտար Ռազմական Կցորդներուն Ներկայացուեցան
Ատրպէյճանական Վերջին Սադրանքները
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանը տեսակցութիւն ունեցած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար պետութիւններու ռազմական կցորդներուն հետ: Հանդիպման նպատակը հայ-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծի երկայնքով վերջին օրերու լարուածութեան կտրուկ աճին մասին ռազմական կցորդները իրազեկ դարձնելն էր:
Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ ներթափանցման հետախուզական ու արձակազէնի գործողութիւններու աշխուժացումը եւ հայկական կողմին պատասխան քայլերուն մասին առկայ իրողութիւնները։ Ան կցորդներուն հետ կիսեց պաշտպանութեան նախարարութեան գնահատականներն ու ենթադրութիւնները լարուածութեան ներկայի սրումով Ատրպէյճանի հետապնդած նպատակներուն, հետագայ գործելակերպին, ինչպէս նաեւ հայկական զինուժի հաւանական պատասխան գործողութիւններուն մասին:
Հանդիպման աւարտին պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը ռազմական կցորդները յորդորեց պաշտօնական խողովակներով ձեռնարկել անհրաժեշտ քայլերու՝ ներկայիս տիրող լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ դրացի երկրին քայլերով իրավիճակը թէժացնող ու սադրիչ նոր գործողութիւնները արգիլելու նպատակով։