
Համազգայինի ուսանողական հաւաքին մասնակիցները անցնող շաբաթավերջին, յատուկ հանդիսութեամբ, Երեւանի մէջ փակումը կատարեցին հաւաքին, ապա մեկնեցան Արցախ։
Նախորդող օրերուն հաւաքի մասնակիցները ունեցած էին բաւական ճոխ եւ բազմաբնոյթ առօրեայ։
Կիրակի, Յուլիս 27ին, անոնք եւս նշեցին Վարդավառը, մասնակից դարձան տօնակատարութիւններուն եւ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ջուրով խաղեր վայելեցին:
Կէսօրին ֆորումականները այցելեցին Սարդարապատ հերոսամարտի յուշակոթող եւ ազգագրութեան թանգարան: Երեկոյեան, հանդիպում տեղի ունեցաւ «Դէպի Հայք» հիմնարկի տնօրէն Սեւան Քապաքեանի եւ «Repat Armenia»ի տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի հետ: Ֆորումականները հայրենադարձութեան եւ հայրենիքի մէջ կամաւոր աշխատանք տանելու մասին իրենց հարցումները ուղղեցին օրուան հիւրերուն:
Երկուշաբթի, Յուլիս 28ին ֆորումի մասնակիցները մեկնեցան դէպի Ծաղկաձոր եւ բարձրացան ճոպանուղի:
Ապա, անոնք այցելեցին Ծաղկաձորի «Տիրամայր Հայաստան»ի ճամբարը, եւ ամբողջ օր մը անցուցին ճամբարին մասնակցող ծնողազուրկ ու կարիքաւոր պատանիներուն հետ: Անոնք ծանօթացան իրարու, միասին ճաշեցին ու խաղացին, եւ նուիրատուութիւն կատարեցին:
Երեկոյեան, ֆորումականները ներկայ գտնուեցան Ռուբէն Հախվերտեանի ելոյթին, որմէ ետք միասնաբար ընթրեցին Երեւանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:
Երեքշաբթի, Յուլիս 29ին, ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Ջիւանիի աշուղական դպրոց, ուր դպրոցի տնօրէն Թովմաս Պօղոսեան դասախօսեց ազգային նուագարաններու մասին:
Ապա, անոնք այցելեցին Սաղմոսավանք, Տառերու պուրակ, Արագած, Ամբերդ եւ ճաշեցինԱրագածի լանջին: Երեկոյեան, ֆորումականները վայելեցին Երեւանի գիշերային կեանքը:
Չորեքշաբթի 30 Յուլիս 2014-ը, 20-րդ ֆորումի վերջին օրն էր Երեւանի մէջ: Առաւօտեան, Ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն եւ տեսակցեցան նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ:
Կէսօրէ ետք, տեղի ունեցաւ ֆորումի եզրափակիչ հանդէսը, Համազգայինի թատերասրահին մէջ: Ուսանողները հանդէս եկան երգով, պարով, նուագով, ասմունքով եւ թատերական ներկայացումով մը: Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ վկայագիրներու բաշխում: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Թամար Հաշողլեան եւ պարգեւատրեց դոկտ. Հրանդ Մարգարեանն ու Զեփիւռ Օհաննէսեանը, իբրեւ երախտագիտութիւն ֆորումի ծրագրաւորումի եւ գործադրումի իրենց ունեցած երկար տարիներու ներդրումին համար:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ վերջին ընթրիք Երեւանի մէջ, որուն ներկայ էին նաեւ Հայաստան գտնուող նախկին ֆորումականներ: