«Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդւարդ Նալբանդեան նշեց. «Խստագոյնս կը դատապարտենք վերջին օրերուն ընթացքին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական շփման գիծի եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ Պաքուի սադրիչ գործողութիւնները, որոնք մարդկային բազմաթիւ զոհերու եւ իրավիճակի կտրուկ սրումին պատճառ դարձան:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ատրպէյճանական յարձակումներուն պատճառով զոհուածներուն ընտանիքներուն եւ հարազատներուն»: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով, Նալբանդեան մեկնաբանելով սահմանային վերջին դէպքերը ըսած է. «Պաքու կը շարունակէ խախտել 1994-ի Մայիսի՝ զինադադարի հաստատման եւ 1995-ի Փետրուարի՝ զինադադարի ամրապնդման վերաբերեալ համաձայնութիւնները եւ արհամարհել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն կոչերը: Պաքուի արկածախնդրութեան նպատակն է խաթարել բանակցային հոլովոյթը»: «Ժամանակը հասած է, որ միջազգային հանրութիւնը սթափեցնէ իրականութեան զգացումը կորսնցուցած եւ միջազգային հանրութեան արժեհամակարգին հակառակ ընթացող ատրպէյճանական ղեկավարութիւնը», ըսած է Նալբանդեան:
Հրադադարի 1500 Խախտում, 16500 Կրակոց
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին տուեալներուն համաձայն, 27 Յուլիսէն 2 Օգոստոս Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարը խախտուած է շուրջ 1500 անգամ, որուն ընթացքին հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 16500 կրակոց:
«Բացի վերոնշեալ խախտումներէն, անցեալ շաբթուան ընթացքին ատրպէյճանական յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած են տարբեր ուղղութիւններով ներթափանցման փորձեր: Հակառակորդին ներթափանցման բոլոր փորձերը, շնորհիւ հայ դիրքապահներու կազմակերպուած դիմադրութեան եւ բարձր մարտական պատրաստուածութեան, ժամանակին յայտնաբերուած եւ կանխուած են», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ներթափանցման Փորձ Մը Եւս՝ Ասկերանի Ուղղութեամբ
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ Շաբաթ, 2 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 11:00-ին ղարաբաղեան- ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի արեւելեան (Ասկերանի) ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն վրայ հակառակորդը ձեռնարկած է հետախուզական ներթափանցման փորձի:
Յետմահու Պարգեւատրումներ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան յետմահու պարգեւատրած է վերջին օրերուն ղարաբաղեան շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած յարձակումներուն պատճառով նահատակուած զինուորները: Պարգեւատրուած են Զօրիկ Գէորգեան, Ազատ Ասոյեան, Գոռ Գրիգորեան եւ Արարատ Խանոյեան: