Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ Ատրպէյճան ունեցած է 25 զոհ եւ 30-է աւելի վիրաւոր
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուրբաթէն Շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զօրքերուն շփման գիծի հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտի) ուղղութեամբ հակառակորդը ձեռնարկած է հետախուզական ներթափանցման գործողութիւններու:
Յաջորդական հաղորդագրութիւն-ներով Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած է այս գծով:
«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ճիշդ ժամանակին ճըշդած են հակառակորդին յատուկ ջոկատներուն յառաջխաղացումը եւ վերջիններուն պատճառելով մարդկային ու նիւթական կորուստներ՝ զանոնք մղած են վերադառնալու իրենց դիրքերը: Ատրպէյճանական կողմը ունեցած է առնուազն 3 զոհ եւ 7 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ իրենց ներխուժած վայրը ձգած են յատուկ նշանակութեան զէնքեր եւ զինուորական արհեստագիտական իրեր: Ցաւօք, դիմադրութեան ընթացքին հայկական կողմը ունեցած է մէկ կորուստ: Հայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին արիաբար նահատակուած է պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայող, 1989-ի ծնունդ Զօրիկ Ժիրայրի Գէորգեան», փոխանցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Շփման գիծի երկարութեամբ պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները կը շարունակեն վստահօրէն հսկել իրենց պաշտպանութեան տակ գտնուող դիրքերը եւ անհրաժեշտութեան պարագային հակառակորդին պարտադրել սեփական կամքը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ Օգոստոս 2-ին հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս արեւելեան կողմէն՝ ատրպէյճանական Քեմեռլի բնակավայրին ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն հակառակորդը գնդակոծած է Բարեկամաւան գիւղը:
Ատրպէյճան Ունի 9 Զոհ
Եւ 11 Վիրաւոր
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոր տեղեկութիւններ հաղորդած է ատրպէյճանական կողմի զոհերու թիւին մասին:
«Ատրպէյճանական աղբիւրներու համաձայն եւ պաշտպանութեան բանակին կողմէ ձեռք բերուած հաստատ տուեալներով, 1-էն 2 Օգոստոս լուսցող գիշերուան ընթացքին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծի հիւսիսարեւելեան եւ արեւելեան հատուածներուն վրայ հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած հետախուզական ներթափանցման գործողութեան իբրեւ հետեւանք Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կորուստներուն թիւը բարձրացած է 2-ով: Յատկապէս Մարտակերտի ուղղութեամբ հակառակորդը տուած է 6 զոհ եւ 7 վիրաւոր, իսկ Մարտունիի ուղղութեամբ՝ 3 զոհ եւ 4 վիրաւոր»:
Սաղաթելեան. «Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերը Պիտի Կասեցնեն
Հրադադարի Խախտման Իւրաքանչիւր Փորձ»
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Արման Սաղաթելեան «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներ կոչ ուղղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպելու՝ առանցքային հարցերու շուրջ երկխօսութեան վերսկսելու համար: «Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս վստահ է, որ ղարաբաղեան տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ: Ատրպէյճանի խնդրանքով 1994-ին ստորագրուած զինադադարի համաձայնագիրը կողմերուն համար կը ստեղծէ յստակ իրաւական պարտաւորութիւններ, զորս անհրաժեշտ է յարգել: Հրադադարի խախտման իւրաքանչիւր փորձ կրնայ հասցնել զինուորական նոր արկածախնդրութեան մը, ուստի Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը պիտի կասեցնեն այդպիսի իւրաքանչիւր փորձ: Խաղաղութեան դէմ ուղղուած ոտնձգութիւնները արժանի հակահարուած պիտի ստանան:
«Հայաստանի նախագահը բազմիցս յայտարարած է, որ Հայաստան հաւատարիմ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած հոլովոյթին եւ պատրաստ է մասնակցելու այդ շրջանակներէն առաջարկուող հանդիպումներուն», ըսած է Արմէն Սաղաթելեան: