Յուլիս 31-ին հակառակորդը յարձակած է ղարաբաղ-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն վրայ, տեղամասի մարտական յենակէտի ուղղութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որուն տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ դիրքապահ անձնակազմի կողմէն հանդիպելով կազմակերպուած դիմադրութեան՝ հակառակորդը կրելով բազմաթիւ կորուստներ՝ ետ շպրտուած է ե-լման դիրքեր: «Ցաւօք, գործողութեան արդիւնքում զոհուել են Պաշտպանութեան Բանակի երկու զինծառայողներ: Միջադէպի մանրամասները պարզելու համար տարւում է քննութիւն»,- ըսուած է ԼՂՀ ՊՆ յայտարարութեան մէջ: