
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ, Չորեքշաբթի, 22 Յունիսին, Սթարզպուրկի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) լիագումար նիստին, ուր ան հանդէս եկաւ հանգամանաւոր ելոյթով
«Դժուար է վստահաբար ըսել, որ Յունիս 25ին, Քազանի մէջ կը հասնինք դրական արդիւնքի, բայց Մինսկի խումբի ձեւաչափը խնդրի լուծման համար լաւագոյն ձեւաչափն է:
Հայաստանն ու Ղարաբաղը խորապէս շահագրգռուած են խնդրի կարգաւորմամբ: Փաստաթուղթը, որ պիտի քննարկուի Քազանի մէջ, աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր կը պատրաստուէր. սկզբունքները քննարկուեցան տարբեր հանդիպումներու ժամանակ: Այն գուցէ հայկական կողմէ երազած փաստաթուղթը չէ, բայց հնարաւորութիւն կուտայ սկսելու ստորագրման գործընթացը: Աթէ Ատրպէյճանը հանդէս բերէ կառուցողական մօտեցում, ապա կարելի է սպասել դրական արդիւնք», դիտել տուած է ՀՀ նախագահը, անդրադառնալով Քազանի հանդիպման վերաբերեալ Մինսկի խումբի եռանախագահներու լաւատես կեցուածքին:
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստին ընթացքին շուրջ մէկ ժամ տեւած ելոյթին եւ հարցում-պատասխանին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման, Քազանի մէջ 24 Յունիսին տեղի ունենալիք հանդիպման, Հայաստանի մէջ արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու կարելիութեան, 2008 թուականի յետընտրական արիւնոտ իրադարձութիւններու նախաքննութեան, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ այլ հարցերուն:
Նախագահի խօսքը կը հրատարակենք ամբողջութեամբ մեր վաղուան թիւով: