Հայաստանի Հանրապետութեան 20-ամեակին առիթով, 17 Սեպտեմբեր 2011-ին, նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով եւ ձեռամբ, խումբ մը նուիրեալներ, պետական բարձր պարգեւներու արժանացան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին:
Առ այդ, ՀՀ նախագահ պրն. Սերժ Սարգսեանի նախագահական ՆՀ-184-Ա հրամանագրի համաձայն, հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ ներդրում կատարած ծանրակշիռ աւանդին, հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ օտարերկրեայ պետութիւններու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման մեծապէս նպաստելուն համար, Լիբանանէն պարգեւատրուեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փօլ Հայտօսթեան «Մովսէս Խորենացի» մետալով, զոր կը շնորհուի կրթական եւ հասարակական գործունէութիւն ծաւալած անձնաւորութիւններու:
Իսկ Սուրիայէն պարգեւատրուեցաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան «Մխիթար Գօշ»ի մետալով, զոր կը շնորհուի ակնառու պետական եւ հասարակական-քաղաքական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական ու քաղաքագիտութեան ասպարէզներու մէջ ունեցած նշանակալի ծառայութիւններ կատարող յատուկ անձերու: