Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ծիծեռնակաբերդի մէջ ելոյթ ունենալով Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական հիմնարկի հիմնադրութեան 20-րդ տարեդարձի ձեռնարկին, ըսած է, որ «այլեւս անցած են այն ժամանակները, երբ հայ մարդուն վնասելը անպատիժ կը մնար»:
Ձեռնարկին ընթացքին, դիմելով զինուորական հաստատութիւններու այս տարուան շրջանաւարտներուն, Սերժ Սարգսեան յորդորած է վնասազերծել հակառակորդին ոտնձգութիւնները:
Արձակազէններով մեզ թիրախ դարձնող, մեր թիկունքին դաւադիր ոտնձգութիւններ իրականացնել ցանկացող եւ մեր դէմ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ ծրագրող հակառակորդին կ՛ըսենք, «Զգո՛ւշ եղէք, սա հայոց աշխարհն է, ուր պիտի գտնէք ձեր վախճանը»: Եւ ես շնորհակալ եմ ձեզմէ, որ ընտրելով սպայի մասնագիտութիւնը՝ գիտակցաբար եւ նուիրումով դարձած էք այս պատուիրաններուն հետեւորդները եւ զանոնք գործով իրականացնողները: Սակայն ես կը հրամայեմ ձեզ, կը խնդրեմ, տղա՛ք, ընել ամէն ինչ, հերոսանալու ոչ թէ սեփական կեանքը կորսնցնելու, այլ մեր աշխարհին անդորրը խաթարող յելուզակները վնասազերծելու միջոցով: Հայրենիքը խիստ կարիքը ունի ձեր նման տղոց», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան: