ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ «ԴԻՒՐԱՑՆԵԼՈՒ» ՆՈՐ ՁԵ՞Ւ
Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրագործուող տարեկան Բազմազանութեան արտօնագրի, այսպէս կոչուած «Կրին քարտի» 2011 թուականի վիճակախաղին ընթացքին՝ Հայաստանի մասնակիցներէն 1200 մարդ շահած է։
2012 թուականի համար կատարուած վիճակախաղի արդիւնքով հայաստանցի շահողներու թիւը մօտ 1000 է։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի խնդրանքով այս տուեալները ներկայացուց Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիւպատոս Ռոպերթ Ֆարքուարը՝ Բազմազանութեան արտօնագրի վիճակախաղի 2013 թուականի խաղարկութեան մեկնարկին նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
Այս ցուցանիշով Հայաստանը ակնյայտ առաջատար է։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հարցին՝ թէ ի՞նչ թիւ կը կազմէ հարեւան հանրապետութիւններէն «Կրին քարտ» շահողներու թիւը, հիւպատոսը պատասխանեց, որ 2011 թուականին Վրաստանէն շահած է մօտ 700, իսկ Ատրպէյճանէն՝ 350 մարդ։ Նոյն թուականին Ռուսաստանէն շահած մասնակիցներու թիւը կազմած է 2400 մարդ։
2013 թուականի «Կրին քարտի» խաղարկութիւնը սկսած է մի քանի օր առաջ՝ Հոկտեմբեր 4-ին, եւ կը շարունակուի մէկ ամիս՝ մինչեւ Նոյեմբեր 5։ Իւրաքանչիւր տարի այս ծրագրի ծիրէն ներս կը խաղարկուի մօտ 50 հազար արտօնագիր։ Խաղարկութիւնը, Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսի խօսքով, կը կազմակերպուի առաւելապէս ԱՄՆ ներգաղթի ցած ցուցանիշ ունեցող երկիրներու քաղաքացիներուն համար։ Ռոպերթ Ֆարքուհարի ներկայացմամբ, այն երկիր- ներու քաղաքացիները, ուրկէ վերջին 5 տարիներու ընթացքին ներգաղթած անձերու թիւը կը գերազանցէ 50 հազարը, իրաւունք չունին մասնակցելու վիճակախաղին։
Ընտրութիւնը կը կատարուի վիճակախաղի միջոցով, որու ժամանակ համակարգիչը պատահական ընտրանքի միջոցով կÿորոշէ յաղթողները, որոնք իրաւունք կը ստանան ներգաղթային արտօնագրի դիմում ստանալու։ Խաղարկութեան մասնակցելու դիմումները կը ներկայացուին բացառապէս ելեկտրոնային եղանակով, իսկ ընթացիկ վիճակախաղի մասնակիցները իրենց կարգավիճակը կարող են ստուգել յաջորդ տարուայ Մայիս 1-էն սկսած՝ այցելելով ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան կայքէջը։ Որեւէ մասնակիցի շահելու վերաբերեալ ելեկտրոնային փոստով ծանուցում չÿուղարկուիր։
Հիւպատոսը յատուկ ընդգծեց, որ Բազմազանութեան արտօնագրի խաղարկութեան մէջ յաղթելը դեռ չի երաշխաւորեր արտօնագրի ստացումը։ Յաղթողները պէտք է յաղթահարեն նաեւ հարցազրոյցի փուլը, որմէ ետք միայն արտօնագիր կը ստանան։