Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յունիս 12-ին Երեւանի Արգիշտիի հրապարակին վրայ, (Էրեբունի թանգարանամերձ հրապարակ) «Հայ խոհարարական աւանդոյթների զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութիւնը կազմակերպեց արդէն 6-րդ անգամն ըլլալով «Հացը լեռներում» տօնածիսական ուտեստներու փառատօնը:

Սեդրակ Մամուլեանի նուիրական եւ քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ «Հայ Խոհարարական աւանդոյթների զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութիւնը կը կազմակերպէ ոչ միայն «Հացը Լեռներում» տօնածիսական ուտեստներ փառատօնը, այլ արդէն մեծ զարգացում ապրած եւ հանրայայտ Տոլմայի Փառատօնը (Սարդարապատի մէջ), Խորովածի Փառատօնը (Աղթալայի մէջ), Թոնրատօնը (Գեղարքունիքի մէջ), ինչպէս նաեւ այս տարի առաջին անգամ կազմակերպուած Ձկան Փառատօնը (Աբովեան քաղաքին մէջ):
Փառատօնի ընթացքին կը ներկայացուին հայկական 13 տօներու (Ամանոր, Սուրբ Սարգիս, Բարեկենդան, Ծաղկազարդ, Նաւասարդ, Զատիկ, Վարդեվառ, Սուրբ ծնունդ-Ջրօրհնէք, Տերընդեզ (Տեառնընդառաջ), Համբարձում, Խաչվերաց, Մեծ պահք, Խաղողօրհնէք) խորհրդանշական ուտեստները:
Փառատօնի նպատակն է հանրութեան ուշադրութիւնը մէկ անգամ եւս կեդրոնացնել հայկական աւանդութեան համար, շեշտելով թէ ինչպիսի դժուարութեամբ կը ստեղծուի հացը, ի՞նչ ճանապարհ է անցել եւ ի՞նչ նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդին համար: Շեշտել նաեւ թէ հացը հայուն համար ոչ միայն նիւթական բարիք է, այլեւ հոգեւոր արժէք:
Փափաքողներուն կը տրամադրուի նաեւ բաղադրատոմսը:
«Հացը լեռներում» փառատօնը իր անունը ստացած է նկարիչ Գրիգոր Խանջեանի համանուն կտաւի ազդեցութեամբ։
«Հացը լեռներում» տօնածիսական ուտեստներու փառատօնի մուտքը անվճար էր, բայց ուտեստեղէնը՝ վճարովի։ Սեդրակ Մամուլեանի փոխանցմամբ՝ վաճառքէն գոյացած գումարի որոշ չափը իրենք պիտի ծախսեն բարեգործական նպատակներով։
Այսպիսով, Էրեբունի թանգարանի տարածքը կը ստանայ տօնական տեսք, ուր կարծես տաղաւարները կը մրցին՝ մեր ժողովուրդին ներկայացնելով աւանդական հայկական տօներու կերակրատեսակներն ու անոնց պատարաստման եղանակները: