Յուլիս 18-ի երեկոյեան Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին ընթացքին տեղի ունեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագրի 3-րդ փուլի փակման արարողութիւնը:
Սփիւռքահայ երիտասարդները կատարեցին հայրենասիրական երգեր, ասմունքեցին, պարեցին, որոնք սորված էին ճամբարային օրերու ընթացքին։
Մասնակիցներուն ողջունեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը եւ ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Յարութիւն Մովսիսեանը:
Միջոցառման կատարումներով հանդէս եկաւ նաեւ «Հայկազունք» գուսանա-աշուղական համոյթը: Այնուհետեւ ճամբարային խարոյկը ազդարարեց ծրագրի 3-րդ փուլի աւարտը:
«Արի տուն» ճամբարին ընթացքին այս անգամ հիւրընկալուած էին աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած շուրջ 170 երիտասարդներ, որոնք վերադառնալով բնակութեան երկիրներ՝ կը տանեն իրենց հետ Հայրենիքի շունչը, մայր հողի ուժը եւ ջերմ ու բարի յիշողութիւններ Հայաստանի մէջ անցուցած օրերէն։
«Արի տուն» ծրագրի մասնակիցները
հիւրընկալուեցան ՀՀ ոստիկանութեան զօրքերու թիւ 1033 զօրամաս
Յուլիս 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան՝ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագրի 4-րդ փուլի մասնակիցները հիւրընկալուեցան ՀՀ ներքին զօրքերու թիւ 1033 զօրամաս:
Արիտունցիներուն ողջունեց զօրամասի հրամանատար, գնդապետ Գուրգէն Գրիգորեան, ան փոխանցեց նաեւ ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեանի խօսքը: Միջոցառման կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ ՀՀ ոստիկանութեան բոլոր ծառայութիւնները մշտապէս կþաջակցին Սփիւռքի նախարարութեան ծրագրերու իրականացման:
Ծրագրի մասնակիցները ծանօթացան զօրամասի առօրեային, ականատես եղան զինավարժանքներուն: