Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ, ամէն տարի կը յիշուի Լիզպոնի հինգ քաջարի տղոց յիշատակը, գաղութներու եւ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած տարբեր բնոյթի նախաձեռնութիւններով: Հոգեհանգստեան արարողութիւններ եւ յիշատակի ոգեկոչական ելոյթներ նախատեսուած են: 

Հայաստանի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւնը իր կարգին, Յուլիս 26-ին ժամը 19:00-ին, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին յարող այգիին մէջ պիտի կազմակերպէ յուշ-երեկոյ եւ հանրային զրոյց՝ նուիրուած Լիզպոնի հինգ մարտիկներու յիշատակին:
«Հայ Յեղափոխական Բանակ»-ի 5 երիտասարդները ՝ Սեդրակը, Վաչէն, Սարգիսը, Սիմոնն ու Արան գիտակցելով, որ միմիայն դիւանագիտական ուղիներով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը առաջ մղելու ջանքերը ապարդիւն կ'անցնէին, Հայ Դատի մասին համաշխարհային հանրութեան յիշեցուցին հարցը, իրենց անձնազոհական արարքով 1983ի Յուլիս 27-ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ գտնուող թրքական դեսպանատունը պաշարելով ու օդը հանելով: Այս քայլը փլուզեց լռութեան պատնեշը եւ աշխարհը սկսաւ խօսիլ հայկական հարցի մասին:
Այս հերոսական արարքը հանրութեան յիշեցնելու առումով, Յուլիս 27ին նախատեսուած են յուշ-երեկոյ, ֆիլմի ցուցադրութիւն, լուսանկարներու ցուցահանդէս եւ որոշ այլ միջոցառումներ:


(Լուսանկարին մէջ՝ Լիզպոնի հինգ տղոց լուսանկարը, Երեւանի Կոմիտասի երաժշտանոցի կից գտնուող պուրակին մէջ)