Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Աստուածաշնչեան ընկերութեան Արաբական ծոցի տարածաշրջանի ընդհանուր քարտուղար, Միջին Արեւելքի Աստուածաշնչեան ընկերութեան խորհուրդի ատենապետ դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանը եւ իր կողակից՝ Կիպրոսի «Նիկոսիոյ համալսարանի» բանասիրութեան բաժնի դասախօս, ընկերալեզուաբան դոկտոր Արտա Պոյնէրեան ճէպէճեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու աշխուժացման հնարաւորութիւնները, սուրիահայերու խնդիրներու լուծման օժանդակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի պահպանման ուղղուած խնդիրները:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանին պարգեւատրեց «Մայրենիի դեսպան» մետալով, հաշուի առնելով իր ազգային-միութենական-համայնքային գործունէութիւնը: