Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի մէջ սկսան արդէն աւանդական դարձած Դաշնակցութեան պատանեկան ճամբարները: Չորրորդ տարին ըլլալով Արցախ ժամանած սփիւռքահայ երիտասարդները ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան հետ համատեղ ճամբարներ կը կազմակերպեն Արցախի տարբեր բնակավայրերու մէջ:

Այս տարի ճամբարներու մեկնարկը տրուեցաւ Մարտունի քաղաքէն, ուր մօտ 100 երեխաներ համախըմբուեցան ամառնային հանգիստի համար: Այս ընթացքին անոնք միայն ուրախ ժամանց չէ որ պիտի ունենան, այլ նաեւ դաստիարակութիւն եւ ուսում պիտի ստանան:
Անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մարտունիի ճամբարի հանդիսաւոր բացումը: Ներկայ եղան ԼՂՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Արմէն Սարգսեանը, Մարտունիի շրջանային վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Էդմոնդ Բարսեղեանը, քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեանը:
Նշենք, թէ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կազմակերպմամբ՝ Արցախ ժամանած են 12 երիտասարդներ, որոնց միացած են նաեւ Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները: Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն այս տարի մասնակիցներու աշխարհագրութիւնը ընդլայնուած է: Նախապէս երիտասարդները կը ժամանէին միայն Քալիֆորնիայէն, բայց այս տարի երիտասարդներու թիւին մէջ ներգրաւուած են նաեւ Թեքսասէն եւ Պոսթընէն ամերիկահայ երիտասարդներ:
Aparaj.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական միութեան պատասխանատու Անիա Յակոբեանը, բացատրեց ճամբարի առօրեայի մասին նշելով, որ երեխաներուն համար նախատեսուած են շատ հետաքրքրական ծրագիրներ, տարբեր խաղերով, անգլերէնի դասընթացներով, հայրենասիրական եւ այլ թեմաներով դասախօսութիւններով: Անիան նշեց որ ճամբարի նպատակն է լաւ ժամանակ տրամադ-րել երեխաներուն: «Երկրորդ նպատակը մեզի կը վերաբերի ՝ այս ծրագրին մասնակցող սփիւռքահայ երիտասարդներուս. մենք այս ծրագրին ընդ- մէջէն կը տեսնենք Հայրենիքը, Արցախը, կը ծանօթանանք մեր հայրենիքի հետ: Լսած եմ անցեալ տարիներուն հոս եկած ընկերներէս, թէ ճամբարներուն ընթացքին անոնք կարողացան հայրենիքի հետ կապերը ամրապնդել»: Ան շեշտեց նաեւ Պատանեկան Միու-թիւններու դերը: