Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երկու կողմերը նշեցին թէ վերջին տարիներուն ընթացքին հայ-յունական ռազմական համագործակցութեան ծաւալը շեշտակի աճ արձանագրած է

Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Յունաստանի Հանրապետութեան փոխ դեսպան Եորղիոս Փափագոստասին եւ Յունաստանի ռազմական կցորդ, բրիգադի գեներալ Խրիսթոս Տովասին՝ ՀՀ-ի մէջ վերջինիս առաքելութեան աւարտի կապակցութեամբ:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանի ռազմական կցորդին՝ եռամեայ առաքելութեան ընթացքին իրականացուցած մեծածաւալ աշխատանքին համար: Կողմերը փաստեցին, որ վերջին տարիներու ընթացքին հայ-յունական ռազմական համագործակցութեան ծաւալը շեշտակի աճ արձանագրած է եւ աշխուժացած են բարձրաստիճան փոխ այցելութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ:
Հանդիպման աւարտին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը հայ-յունական ռազմական համագործակցութեան գործով ունեցած նշանակալի ներդրման համար Յունաստանի ռազմական կցորդին պարգեւատրեց ՀՀ զինուած ուժերու «Ռազմական համագործակցութեան համար» մետալով: