Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումի սկիզբը պիտի տրուի 31 Յուլիս 2014-ին, Բիւրականի մէջ, Հայաստան: Բանակումին կը մասնակցին 728 ՀՄԸՄ-ականներ, 17 երկիրներէ՝ Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա, Յորդանան, Քուէյթ, Իրաք, Երուսաղէմ, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Աւստրալիա, Հարաւային Ամերիկա (Արժանթին եւ Ուրուկուէյ), Ֆրանսա, Անգլիա, Հոլանտա, Յունաստան եւ Իրան: Բանակումին նշանաբանն է. «Արագածէն Արարատ, տէ՛րն ենք մեր Դատին»:

Աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ական քոյրերն ու եղբայրները, մէկտեղուելով հայրենիքի մէջ, 10 անմոռանալի օրեր պիտի անցընեն՝ ծանօթանալով հայրենի պատմութեան ու բնութեան, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով Ցեղասպանութեան զոհերու եւ արցախեան պատերազմի նահատակներուն, ինչպէս նաեւ զարգացնելով իրենց սկաուտական գիտելիքներն ու ամրապնդելով իրենց սկաուտական երդումը:
Հետեւելու համար բանակումի նորութիւններուն բացուած է յատուկ կայք մը՝ http://www.panagoum.homenetmen.co, ուր կրնաք գտնել անմիջական տեղեկութիւններ եւ ուր պիտի տեղադրուին բանակումի լուրերը:
Նորութիւններուն կրնաք հետեւիլ նաեւ դիմատետրի Homenetmen - ՀՄԸՄ էջին
https://www.facebook.com/pages/Homenetmen-%D5%80%D5%84%D4%B8%D5%84/587780927918700?ref_type=bookmark եւ խումբին https://www.facebook.com/groups/161556273941710/ ճամբով, Youtube https://www.youtube.com/channel/UCYgFSykgAYd6H4fIiLnXhLw.

«Արագածէն Արարատ, տէ՛րն ենք մեր Դատին»: