Նոր Էրքեջի գիւղապետ Արա Յովհաննիսեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ յայտնաբերուած է տակաւին 4 Յուլիսէն անհետ կորսուած նկատուող Սմբատ Ցականեանի դիակը:
Գիւղապետը յայտնեց, որ երիտասարդին դիակը յայտնաբերած են գիւղէն բաւական հեռու՝ լեռնային շրջանի մը մէջ:
Արա Յովհաննիսեան նշեց, որ դիակը տեղափոխած են Ստեփանակերտ՝ փորձաքննութեան համար, եւ տղուն հարազատները տեղեակ պահուած են այդ մասին:
Նշենք, որ Քարվաճառի Ջոմարդ գիւղին մէջ անհետ կորսուած 17-ամեայ Սմբատ Ցականեանի մայրը՝ Կարինէ Ցականեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին համոզմունք յայտնած էր, որ իր որդին առեւանգած են ատրպէյճանցի հետախոյզները: «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին գիւղապետը ըսաւ, թէ դատելով տղուն դիակին վրայ առկայ հարուածներէն, կրնան ըսել, որ զայն ատրպէյճանական հետախոյզները սպաննած են՝ աւելցնելով, թէ չի կրնար ըսել, որ պատանին ճշգրիտ ի՛նչ վէրքեր ստացած է: