Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յուլիս 15-ին Երեւանի մէջ սկսաւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաղորդամիջոցներու յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած Հայ Կաթողիկէ հաղորդակցութեան միջոցներու 2-րդ համագումարը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաղորդամիջոցներու պատրիարքական յանձնախումբի նախագահ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ Հայր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը՝ համագումարի մասնակիցներուն ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինի ողջոյնի ուղերձը:
Հայր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեան նշեց, որ այս համագումարը նպատակ ունի զարգացնել համագործակցութիւնը հայ համայնքներուն մէջ գործող եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու (ԶԼՄ-ներու) միջեւ եւ մշակել կառուցակարգեր՝ անոնց աշխատանքը քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու տարածման ու պահպանման լաւագոյնս ծառայեցնելու համար:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն, Գերաշնորհ Տէր Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան փոխանցեց մասնակիցներուն Ն.Ս.Օ.ՏՏ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. ողջոյնի ուղերձը նշելով, որ համագումարը աննախադէպ օրինակ է հայ յարանուանութեան պատմութեան մէջ, որու մասնակիցները միասնաբար ջանքեր պիտի գործադրեն Հայ Կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու գործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ:
Համագումարի մասնակիցներուն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի օրհնութեան գիր ընթերցեց Զմմառի մեծաւոր Հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ողջունելով եւ գործնական աշխատանք մաղթելով  մասնակիցներուն, յայտնեց պետութեան անվերապահ աջակցութիւնը բոլոր հայանպաստ նախաձեռնութիւններուն մէջ: