Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Հորիզոն» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ 4-9 Յուլիսին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւն մը՝ ի դէմս պատգամաւորներ Մարգարիտ Եսայեանի (Հանրապետական կուսակցութիւն), Մնացական Մնացականեանի (Հանրապետական կուսակցութիւն) եւ Արմէն Ռուստամեանի (ՀՅԴ), Օթթաուայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովին: Նիստերու ընթացքին վաւերացուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերոնշեալ խորհրդարանական համագումարի լիիրաւ անդամակցութեան Հայաստանի դիմումը:
8 Յուլիսին Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կազմակերպած էր պատգամաւորներու հանդիպումը Օթթաուայի հայ համայնքին հետ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Եգանեան, որմէ ետք պատգամաւորները հանգամանօրէն անդրադարձան խորհրդարանական վեհաժողովին հայկական պատուիրակութեան մասնակցութեան եւ այդ վեհաժողովին արդիւնքներուն, ապա յաջորդեց հարց ու պատասխանը:
Այնուհետեւ պաշտօնական ընդունելութեան ժամանակ ներկաները կարելիութիւնը ունեցան անմիջականօրէն ծանօթանալու պատուիրակութեան անդամներուն հետ: