Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ Հայաստանի մէջ սկսաւ անկախութենէն ետք տեղի ունեցող երկրորդ մարդահամարը, որ պիտի տեւէ մինչեւ  21 Հոկտեմբեր:


Ստեղծուած է մարդահամարի նախապատրաստման եւ կայացման համապետական յանձնախումբ, որուն նախագահն է Հայաստանի փոխ վարչապետ Արմէն Գէորգեան:
Մարդահամարը պարտադիր է ՀՀ բոլոր քաղաքացիներուն համար: Անհատական տուեալները գաղտնի են եւ կարելի է անոնք օգտագործել միայն անուանազերծուած ձեւով, իսկ մարդահամարի վերջնական արդիւնքները ենթակայ են օգտագործման միայն ամփոփուած եւ խմբաւորուած տեսքով:
Մարդահամարի հարցաշարին մէջ կան 33 հարցումներ: Բացի անձնական տուեալներէն, ներառուած են նաեւ այնպիսի հարցեր, ինչպէս՝ համակարգիչի կամ համացանցի առկայութիւնը, արտերկրէն դրամական միջոցներու ստացումը, զուգարանի, լոգասենեակի կամ ցնցուղի առկայութիւնը եւ այլն: Ի դէպ, ըստ օրէնքի, մարդահամարի հարցաշարին մէջ վիճակագրական նպատակներու համար չնախատեսուած հարցումներ չեն կրնար ընդգրկուիլ:
Ըստ  Հայաստանի օրէնքին, Հայաստանի մէջ մարդահամար տեղի կ՛ունենայ 10 տարին անգամ մը: