Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Հակառակորդին կողմից սահմանային խախտումների աւելացման առումով տարին առանձնայատուկ էր: Հակառակորդը  հրադադարի ռեժիմը խախտել է թէ՛ դիւերսիոն (յարձակողական) խումբերի, թէ՛ դիպուկահարների կրակոցների միջոցով»:
Այս մասին յայտնած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, որ հակառակորդի աշխուժութեան արձագանգելով դիտել տուած է, թէ հայ հրամանատարները անընդհատ կը վերլուծեն իրավիճակը ու, զգօնութեան իբրեւ արդիւնք, հրաշալի կերպով կը տիրապետեն հակառակորդի վերնախաւի յամառ գործողութիւններուն ընթացքին: «Հայ զինուորը կանգուն է եւ անսասան, եւ ոչ մի ոտնձգութիւն նրան չի կարող ծունկի իջեցնել: Հակառակորդի իւրաքանչիւր գործողութիւն տապալուած է, եւ ոչ մի զինուոր քայլ նահանջ չի կատարել: Ընդհակառակը, բարելաւում է մարտական հերթապահութիւնը երկարատեւ պաշտպանութեան համար», Արարատի մարզի զօրամասերէն մէկուն առաջին դիրքին վրայ տեղի ունեցած ասուլիսին ընթացքին նշած է Սէյրան Օհանեան:

Արցախ Ներխուժած Ատրպէյճանական Խումբը Ամբողջութեամբ Վնասազերծուած է

Քարվաճառի մէջ աւարտած է բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներուն կողմէն իրականացուող գործողութիւնը ատրպէյճանական ռազմական նպատակներով Արցախ ներխուժած հետախուզական խումբի վնասազերծման ուղղութեամբ. խումբի բոլոր անդամները գերի իյնկած կամ ոչնչացուած են հայկական ուժերու կողմէն:
ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ դէպքի այլ մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդեն աւելի ուշ: