ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ նախագահի ներկայացուցիչը անցեալ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցան Վարշաւիոյ մէջ՝ քննարկելով Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար անհրաժեշտ շարք մը գաղափարներ:
«Դեսպան (Ճէյմզ) Ուորլիք հանդիպում ունեցած է Իկոր Փոփովի, Փիեռ Անտիոյի եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ, նպատակ ունենալով զարգացնել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար անհրաժեշտ գաղափարները», նշած են Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն:
Դեսպանատան աղբիւրները ըսած են, որ առայժմ տեղեկութիւն չունին հանդիպման մանրամասնութիւններուն մասին, սակայն աւելցուցած են, թէ ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք որոշած է յատուկ ջանք թափել Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը իրականացնելու համար։
«Դեսպանը կ՛ակնկալէ, որ Սերժ Սարգսեան-Իլհամ Ալիեւ հանդիպումը պիտի կայանայ շուտով: Ան յոյս ունի այցելելու տարածաշրջան, նախագահներու հանդիպումը կազմակերպելու նպատակով», աւելցուցած են դեսպանատան աղբիւրները:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Հայաստան այցելութեան ընթացքին յայտարարած էր, թէ պատրաստ է Փարիզի մէջ հիւրընկալելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, որպէսզի անոնք վերսկսին իրոնց ընդհատուած երկխօսութեան: