Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Պաշտօնական այցով Չիլիի Հանրապետութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանը հանդիպում ունեցաւ Չիլիի նախագահ Միշել Պաշելեթի հետ։
Նախապէս, Հայաստանի նախագահը ծաղկեպսակ զետեղած էր Չիլիի ազգային հերոս զօրավար Պեռնարտօ Օ'Հիգինսի յուշարձանին եւ  յարգանքի տուրք

մատուցած էր:
Չիլիի նախագահի նստավայրին մէջ՝ «Մոնետա» պալատ, կայացաւ նախագահներու հանդիպումը։
Հայաստանի եւ Չիլիի նախագահները քննարկեցին հայ-չիլիական միջպետական կապերու ամրապնդման ու համագործակցութեան զարգացման հեռանկար ունեցող մարզերը, եւ  համատեղ ջանքերու  ներդրման հետ կապուած հարցերու  լայն շրջանակ:
Հանդիպման ընթացքին  երկուստեք կարեւորուեցաւ  Հայաստանի եւ Չիլիի միջեւ  իրաւապայմանագրային դաշտի ձեւաւորումը, որը, կողմերու համոզմամբ, նոր հնարաւորութիւններ պիտի բանայ քաղաքական, առեւտրա¬ տնտեսական փոխ գործակցութեան զարգացման համար:
Հեռանկարային համարուեցան որոշ մարզեր՝ որոնց կարգին գիւղատնտեսութեան եւ յատկապէս գինեգործութեան բնագաւառներէ ներս փոխ գործակցութիւնը: Հայ-չիլիական համագործակցութեան ընդլայնման ծիրէն ներս այաստանի եւ Չիլիի նախագահները նոյնչափ կարեւոր նկատեցին  գիտակրթական, մշակութային, զբօսաշրջութեան ու մարմնամարզի բնագաւառներուն մէջ  փոխ գործակցութեան  խրախուսումն ու զարգացումը:
ՀՀ նախագահը յիշեց  2007թ. Չիլիի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը, նշելով որ այդ նախաձեռնութեամբ Չիլի շահեցաւ  աշխարհի համայն հայութեան  անմնացորդ համակրանքն ու յարգանքը՝  որպես անկեղծ եւ յուսալի բարեկամ: