ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քոնտոլիզա Ռայս կրնայ դառնալ Արցախի հակամարտութեան հարցով Ամերիկայի յատուկ պատուիրակ. այսպէս ըսած է նախապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սպիտակ տան մէջ բարձր պաշտօններ ստանձնած, իսկ այժմ ամերի- կեան «Ճան Հափքինզ» կեդրոնի անդրատլանտեան յարաբերութիւններու հարցերու փորձագէտ Տէյվիտ Մերքըլ, աւելցնելով, որ Արցախի հակամարտութեան հարցով Ամերիկայի յատուկ պատուիրակ մը պէտք է նշանակուի, ցոյց տալու համար, թէ Ուաշինկթը լրջութեամբ կը հետեւի տագնապը լուծելու ջանքերուն: