Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Մետիա» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում՝ Թուրքիոյ տարբեր լրատուամիջոցներով տարածուող յայտարարութիւններու, ապա անոնց պաշտօնական հերքումներուն շուրջ: Խօսք առին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեան: Տեսակապով քննարկման միացաւ նաեւ թրքական «Այ.Էմ.Սի.» պատկերասփիւռի ընկերութեան լրատուական ծրագիրներու ղեկավար Արիս Նալջը:
Ծրագիրը կը վարէր հանրային լրագրութեան ակումբի հայ-թրքական ծրագիրներու համակարգող Լիլիթ Գասպարեան:
Օրեր առաջ թրքական «Թարաֆ» թերթը յօդուած հրապարակած էր, ուր ըսուած էր, որ նախագահութեան թեկնածու Էրտողան մտադիր է կարգաւորել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ նոյնիսկ բանալ Հայաստանի հետ սահմանը: Աւելի ուշ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց այդ լուրը:
Արդեօք ատիկա ապատեղեկատուութի՞ւն էր, թէ՞ փորձած էին ցոյց տալ աշխարհին, որ Էրտողանի ղեկավարման արդիւնքով դրական տեղաշարժեր կրնան  ըլլալ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ:
«Մետիա» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած քննարկումին ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան կարծիք յայտնեց, որ 2015 թուականին ընդառաջ Թուրքիոյ կողմէ պիտի տեսնեն տարբեր հնարքներ, որոնք պէտք է պատրանք ստեղծեն, իբրեւ թէ կայ  հոլովոյթ մը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, ատիկա ո՛չ Հայաստանի հետ, ո՛չ ալ հայութեան հետ տեղի կ՛ունենայ, այն պարզ պատճառով, որ Թուրքիան միշտ ըսած է, որ մինչեւ չլուծուի Ղարաբաղի հարցը, ինք պիտի չբնականոնացնէ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ: Անոր մասին վերջերս խօսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն թրքական ամսագիրներէն մէկուն տուած գիտական յօդուածին մէջ: «Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը շարունակէ պայմանաւորել Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններով, սակայն 2015-ին ընդառաջ անընդհատ կը փորձեն ցոյց տալ, թէ հոլովոյթ մը կայ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ տարբեր լրատուամիջոցներով տարածուող յայտարարութիւններուն՝ մասնաւորապէս, որ «Թարաֆ» թերթի տեղեկութիւններով վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սեպտեմբերին Հայաստանի հետ սահմանը բանալու յանձնարարական տուած է, Մանոյեան նշեց.  «Էրտողան կը փորձէ ինքզինք ցոյց տալ իբրեւ ոչ վատ ան-ձնաւորութիւն: Այդ պատճառով ալ ցոյց կու տայ, քիւրտերու եւ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ հարցերը լուծելու պատրաստակամութիւն: Ռուսիան ալ շահագրգռուած չէ, որ սահմանը բացուի, ընդհակառակն՝ արեւմուտքը շահագրգռուած է թուլցնել Ռուսիոյ եւ Իրանի ազդեցութիւնը շրջանին մէջ, սահմանը բանալու միջոցով»:
Կիրօ Մանոյեան դարձեալ ըսաւ բազմիցս արտայայտած այն տեսակէտը, որ Հայաստան պէտք է վերցնէ իր ստորագրութիւնը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններէն, որովհետեւ անոնք կարելիութիւն կու տան Թուրքիոյ Ղարաբաղի հարցին որոշ դերակատարութիւն ստանձնել ու ցոյց տալ միջազգային հանրութեան, թէ երկու երկիրներուն միջեւ հոլովոյթներ տեղի կ՛ունենան: