Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ ՀՀ պետական սահմանահատուածին վրայ՝ Քարվաճառի ուղղութեամբ, հակառակորդ կողմը ձեռնարկած է հերթական հետախուզական ներթափանցման փորձին: Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններու արդիւնքով՝ հակառակորդի հետախուզական  խումբը ժամանակին յայտնաբերուած է, անդամներու մէկ մասը ձերբակալուած է եւ մնացեալները դիմած են փախուստի: Այս մասին կը յայտարարէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը, հանրութեան յանձնելով նաեւ լուսանկարներ, գերեվարուած խումբի օգտագործած զէնքերէն եւ իրենց  անձնական  փաստաթուղթերէն:
Նշենք, թէ գործողութեան ընթացքին հայկական կողմը որեւէ կերպով կորուստներ չէ ունեցած: