Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ» թերթ).- Երեքշաբթի, Յուլիս 8ին, ժամը 11.30ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Էտուարտօ Սէֆէրեան» Ակումբը, իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ։ Հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, ակումբի մուտքին նախագահը ընդունուեցաւ հաց ու աղի աւանդական հիւրասիրութեամբ, մինչ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» Սկաուտական խումբի ղեկավարներ զինք պատուեցին սկաուտական փողկապով, որպէս յարգանքի արտայայտութիւն։ Ներկայ եղան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ Մարիօ Նալպանտեան, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի, Արամ Մանուկեան Կոմիտէի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ, Հ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեանց անդամներ Կրասիէա Գէորգեան եւ Գարլոս Սէֆէրեան, Հ.Օ.Մ.ի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեանց անդամներ եւ տեղական մասնաճիւղերու անդամներ, Արմենիա Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններու անդամներ,  Խրիմեան Վարժարանի երկրորդական բաժնի աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ համակիրներ ու համայնքի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ իր գաղափարակից կազմակերպութիւններու՝ Հայ Օգնութեան Միութեան, Հ.Մ.Ը.Մի, Համազգայինի, Խրիմեան Վարժարանի եւ Արմենիա Երիտասարդական Միութեան անունով բարի գալուստ մաղթելով նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ նախագահական պատուիրակութեան, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը նշեց. «Այս շէնքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր նախագահները ներկայ եղած են, եւ բոլորին ըսած ենք նոյնը։ Պայմաններու բերումով իրերայաջորդ սերունդներ երբ հաստատուած են հայրենիքէն այսքան հեռու, այս ափերուն վրայ, միշտ հայապահպանումը ունեցած են կիզակէտ, միշտ հայ սերունդներ կերտելը եղած է իրենց համար նպատակ»։
Այցելութեան առիթով Նախագահ Սարգսեանին յանձնելով արժանթինեան քարերով ճատրակի տախտակ, որպէս Հ.Յ.Դ.ի եւ գաղափարակից կազմակերպութիւններուն կողմէ յուշանուէր:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, նախ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, եւ ակնար-կելով ճատրակին վրայ գրուած «Մենք անկեղծ զիուորներ ենք» գրութեան, ըսաւ որ այս խօսքը չափազանց պարտաւորեցնող է։ «Որովհետեւ մեզմնից իւրաքանչիւրը զինուոր է։ Զինուոր է իր պարտականութիւնների շրջանակներում, զինուոր է իր պատասխանատուութեան շրջանակներում, զինուոր է իր գաղափարի համար։ Եւ ես չափազանց ուրախ եմ որ մեր ազգային կառոյցները, մեր ազգային կուսակցութիւնները, մեզ հպարտութիւն են ներշնչում, եւ մենք նաեւ դրանով տարբերւում ենք ուրիշներից»։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ճիգերուն անդրադառնալով ՀՀ նախագահը հաստատեց. «Ես շատ լաւ հասկանում եմ քոնքրէթ Հարաւային Ամերիկայում, Արգենտինայում, Ուրուկուայում եւ այլ տեղերում նրանց ջանքերի նպատակը։ Եւ նրանք իրենց ջանքերն են դնում այնտեղ որտեղ մենք ուժեղ ենք»։
Մեկնելէն առաջ, նախագահ Սարգսեան յանձնեց ՀՀ Կեդրոնական Դրամատան կողմէ արծաթեայ յոբելեանական մետաղադրամներու հաւաքածոյ մը։