Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յուլիս 4-ին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին ընթացքին կայացաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագրի 2-րդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Միջոցառման մասնակցեցան ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Կոտայքի մարզպետ Արամ Յարութիւնեան եւ այլ պաշտօնատար անձեր:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ողջունեց ներկաները, կարեւոր նկատեց ծրագրի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ եւ վստահեցուց, որ այն առաջիկային առաւել կþընդլայնուի եւ կը կատարելագործուի:
Արիտունցիները ներկայացուցին իրենց տպաւորութիւնները, ծրագրին շուրջ իւրացուցած ազգային երգն ու պարը, ասմունքը եւ ստացած գիտելիքները: Կատարումներու, հայրենիքին ձօնուած բանաստեղծութիւններու միջոցով անոնք արտայայտեցին իրենց սէրն ու նուիրուածութիւնը հայրենիքի, անոր մշակոյթի հանդէպ եւ վստահեցուցին, որ պիտի դառնան հայապահպանութեան ու հայրենիքի առաջընթացի երաշխաւոր-առաջամարտիկներ, ընդմիշտ պիտի պահեն կապը նոր  ընկերներու, հիւրընկալ ընտանիքներու հետ: Անոնց զգացողութիւններու խտացած արտայայտութիւնը կարելի է համարել արիտունցիներէն մէկու բանաստեղծութեան հետեւեալ տողը՝ «Քո սէրն եմ ես, իմ Հայաստան, որ ծնած եմ օտար հողի վրայ»:
«Արի տունը» հիւրընկալած էր նաեւ Արցախի ներկայացուցիչները եւ երիտասարդութեան քաղաք հռչակուած Սիսիանի լաւագոյն աշակերտներուն, պատանիներու եւ աղջիկներու Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Շուէտէն, Լատվիայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն: Ծրագրի այս փուլին կը մասնակցէին 185 պատանիներ եւ աղջիկներ:

Մեկնարկեց «Արի Տուն» 2014թ ծրագիրի երրորդ փուլը

Յուլիս 7-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան՝ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2014թ. ծրագիրի երրորդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ծրագիրի մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Բարով էք եկել Հայրենիք, բարով էք եկել տուն: Մեր ծրագրի առաքելութիւնն է օգնել ձեզ՝ ճանաչելու Հայաստանը, ծանօթանալու ազգային մշակոյթին, աւանդոյթներին ու սովորոյթներին: Մեր նպատակը կորչող արմատների, հեռացող արժէքների վերականգնումն ու պահպանումն է: Այս ծրագիրը վերադարձնում է յիշողութիւնը ազգային նիստուկացի, սովորութիւնների մասին: Այն ուղղուած է հայկական դիմագիծը, մեր միասնականութիւնը պահելուն: Ես համոզուած եմ, որ այս օրերին ձեր մէջ արթնանալու է հայկականութեան գենը: Եւ կ’ուզէի, որ Հայաստանի մասին խօսելիս ասէք‘ իմ երկիրը, իմ տունը: Բարով էք եկել ձեր տուն»:
«Արի տուն» 2014թ ծրագիրի երրորդ փուլին մասնակցելու համար Հայրենիք ժամանած են  170  պատանի եւ երիտասարդ ԱՄՆ-էն, ՌԴ-էն, Լեհաստանէն, Պելճիգայէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Իսրայէլէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն: Այս փուլի մասնակիցներուն պիտի ուղեկցին նաեւ սուրիահայ ուսանողներ Շաղիկ Շադոյեանը եւ Արէս Ռէյիսեանը: