«Զբաղուածութեան պետական ծառայութիւն» գործակալութեան պետ Արտակ Մանգասարեան վերջերս կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուցած է երկրին գործազրկութեան պատկերը: 2014 Յունիս 1ի տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ գործազուրկներու թիւը անցեալ տարուան նոյն թուականին համեմատ բարձրացած է 3,7 տոկոս՝ կազմելով 61,9 հազար հոգի:
Ըստ Մանգասարեանի՝ Հայաստանի մէջ գործազուրկներու թիւը կը կազմէ աշխատանք ունեցողներու թիւին 95,4 տոկոսը, այլ խօսքով՝ 2014 Յունիս 1ին Հայաստանի մէջ աշխատանք ունէր 64,9 հազար հոգի: Այս ցուցանիշը, 2013 տարուան հետ բաղդատած՝ նուազած է 6,5 տոկոս:
Գործակալութեան տուեալներուն համաձայն՝ այսօր Հայաստանի գործօն բնակչութեան 16,2 տոկոսը գործազուրկ է:
«Զբաղուածութեան պետական ծառայութիւն» գործակալութեան պետը նշած է, որ Հայաստանի աշխատանքի շուկային վրայ այսօր մարզերու մէջ բժիշկներու եւ հիւանդապահուհիներու, տնտեսագէտներու, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մասնագէտներու, ճարտարագէտներու, մանկավարժներու, դաստիարակներու, առեւտրական վարիչներու, վաճառողներու, սպասեակներու, խոհարարներու, հացթուխներու, վարսայարդարներու, ելեկտրականութեան մասնագէտներու, վարորդներու մեծ պահանջք կայ:
«Թափուր աշխատատեղեր ամէնուր կան, բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտների կարիք կայ, սակայն առաջարկուող աշխատավարձը ցածր է, ինչը չի նպաստում գործազուրկների թուի նուազմանը» դիտել տուած է Մանգասարեան:
2014 Յունիս 1ի տուեալներով՝ վերջին տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ աշխատանք գտած է 4277 գործազուրկ, որոնց 2572-ը կիներ եղած են: