Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Քորէայի Հանրապետութեան Սէուլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Կովկասեան մշակութային փառատօնի» բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ Քորէայի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու եւ հարիւրաւոր քորէացիներու մասնակցութեամբ:
Քորէայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ կովկասեան փառատօնը, ուր մասնակցութիւն բերին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Վրաստանը:
Փառատօնի նախաձեռնութիւնը կը պատկանէր Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ գործող Ճափոնի ու Քորէայի  դեսպանութիւններու  համագործակցութեամբ եւ  Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան օժանդակութեամբ:
Նշենք, որ փառատօնը մէկ շաբաթ տեւողութիւն ունի եւ կÿիրագործուի Սէուլ եւ Պուսան քաղաքներուն մէջ, ուր պիտի ներկայացուին հայկական արուեստը, երաժշտութիւնը, ժողովրդական երգն ու պարը՝ Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի ու  պարի պետական անսամպլի, «Միքայէլ Ոսկանեան եւ  ընկերներ» էթնօ-ճազ խումբի  նկարիչ-քանդակագործ Արարատ Սարգսեանի ելոյթներ ու գործեր: Համերգները տեղի կÿունենան նաեւ քաղաքներու սրահներէն դուրս՝ փողոցներուն մէջ եւ անոնց զուգահեռ տեղի կÿունենան նաեւ Հայաստանի նուիրուած  լուսանկարներու եւ գիրքերու  ցուցահանդէսներ:
Փառատօնէն առաջ Քորէայի արտաքին գործոց նա- խարարութեան մօտ տեղի ունեցած էր Հայաստանի եւ Քորէայի կառավարութիւններուն միջեւ մշակոյթի, մար- մնամարզի ու կրթութեան բնագաւառները ընդգրկող համագործակցութեան համաձայնագիրներու ըս-տորագրում, արտաքին գործոց նախարար Չօ Թէ-յուլի եւ ՀՀ դեսպան Հրանդ Պօղոսեանի միջեւ: