ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է «Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ Ռուսիոյ տարածքին Հայաստանի քաղաքացիներու եւ Հայաստանի տարածքին Ռուսիոյ քաղաքացիներու գտնուելու կարգի մասին» համաձայնագիրի կնքման առաջարկին:
Այսպէս՝ արտագնայ աշխատողը եւ անոր ընտանիքի անդամները ազատ կացուցուած են երկիր մուտք գործելու օրէն 30 օրուան ընթացքին աշխատանքի տեղաւորման մարմիններուն մէջ արձանագրուելէ: Ըստ երկրորդ փաստաթուղթին՝ Հայաստանի քաղաքացիները կրնան առանց աշխատանքի յատուկ թոյլտուութեան, տեղւոյն գործատուին հետ աշխատանքային պայմանագիր կնքելով, մէկ տարի աշխատիլ Ռուսիոյ տարածքին:
Նշուած դրոյթները պէտք է գործեն միայն Յունուար 2015էն, սակայն սոյն համաձայնագիրներու կնքումը թոյլ պիտի տայ զանոնք կիրարկել աւելի վաղ ժամանակաշրջանին, ինչ որ կը բխի Ռուսիա մեկնող Հայաստանի քաղաքացիներուն շահերէն: