Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մունտիալին առիթով, անոր ի պատիւ ստեղծեց արծաթէ յուշադրամ, կը յայտնէ ArmSport.am՝ իր լուրը քաղելով Կեդրոնական դրամատան պաշտօնական կայքէն։

Յուշադրամին մէկ երեսին վրայ դրուած է Հայաստանի զինանշանը, որուն վարը անուանական արժէքին մակագրութիւնն է՝ «100 դրամ DRAM» եւ տպագրութեան թուականը՝ 2014:
Յուշադրամին միւս երեսը 2014-ի Մունտիալին մասնակցող 32 երկիրներուն անուններն ու դրօշներն են, իսկ կեդրոնը՝ «2014 Fifa World CupTM»:
Նշենք, որ այս յուշադրամը (5000 օրինակ) տպուած է Գերմանիոյ մէջ գտնուող «Geiger Edelmetalle» դրամատան մէջ: